Jump to content

Մայաներու քաղաքակրթութիւնը

Մայաներու քաղաքակրթութիւնը, ամերիկեան ցամաքամասի ամէնէն հին քաղաքակրթութիւններէն մէկն է[1]:

Մայաները հազարամեակներու ընթացքին ապրած են Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ:

Մայաներու քաղաքներէն հետքեր գտնուած են Մեքսիքայի, Սալվատորի, Կուաթեմալայի, Հոնտուրասի եւ Պելիզի:Ապա մայաները խորհրդաւոր կերպով անհետացած են Ք. Ե. շուրջ 1000 թուականին:

Հին քաղաք մը` մեքսիքական անտառին խորերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնաբաններ գտած են մայաներու հին քաղաք մը` մեքսիքական անտառին խորերը պահուըտած:

Այս պետութիւն-քաղաքը մեքսիքական խիտ անտառին խորերը պահուըտած է 1000 տարիներէ ի վեր: Անոր հետքերը կը գտնուին 2013 Յունիսի սկիզբը, շնորհիւ երկինքէն առնուած նկարներու: Քաղաքին աւերակները կը տարածուին 22 հեքթար հողաշերտի մը վրայ: Ըստ հնաբաններուն հաշիւներուն, այս պետութիւն-քաղաքը բնակուած եղած է Ք. Ե. 600-900 թուականներու միջեւ: Անոնք զայն անուանած են Չաքթուն, որ մայաներու լեզուով կը նշանակէ «կարմիր քար» կամ «մեծ քար»:

Գիտնականները կ'ուսումնասիրեն այդ վայրերը եւ միշտ նոր անակնկալի մը առջեւ կը գտնուին. անոնք արդէն յայտնաբերած են 23 մեթր բարձրութիւն եւ բուրգերու ձեւ ունեցող շինութիւններ, փորագրուած կոթողներ, հարթաքանդակներ, բնակավայրեր եւ փըլօթի խաղալու դաշտեր:

Այս առաջին յայտնութիւններուն շնորհիւ հնաբանները կրնան երեւակայել այդ վայրին գեղեցկութիւնը: Այս ձեւով, անոնք գտած են բազմաթիւ նշաններ ճարտարապետական հետքերու, ինչպէս` խորաններ, կոթողներ, որոնք մարմարի տպաւորութիւնը տուող նիւթերու հետքերը կը կրեն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]