Jump to content

Ճենէ (Մալի)

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Ճենէ
Djenné
Ճենէ, նկարուած Մեծ Մզկիթին տանիքէն
Երկիր Մալի
Շրջան արեւմտեան Ափրիկէ
Տարածութիւն 302 քմ²
ԲԾՄ 278 մեթր

Ճենէ (պամպարա՝ ߘߖߋߣߣߋ թարգմ․՝Djenne)․ քաղաք եւ քաղաքային համայնք, Մալի, արեւմտեան Ափրիկէ։ Ենթասահարա Ափրիկէի հնագոյն քաղաքներէն է։ 1988-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ճենէ, Մալի, արեւմտեան Ափրիկէ

Ճենէ կը գտնուի կեդրոնական Մալի եւ համանուն նահանգին վարչական կեդրոնն է։ 2009-ին բնակչութեան թիւը կ՛ենթադրուի եղած ըլլայ 32 944։ Կը գտնուի Մալիի մայրաքաղաք Պամաքոյէն 570քլ․ հիւսիս-արեւելք։ Շրջանը բնակուած է Ք․Ա․250-ին եւ ենթասահարա Ափրիկէի հնագոյն քաղաքներէն է։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնաբանական պեղումները յայտնաբերած են թէ Ճենէ բնակուած է Ք․Ա․250-ին։ Հիմնուած է առեւտրականներէ։ Քաղաքը Թիպուքթուին հետ զարգացած է ԺԵ․ եւ ԺԷ․ դարերուն միջեւ։ Սահարայի շրջանին մէջ աղի, ոսկիի եւ ստրուկներու առեւտուրի մեծ մասը Ճենէէն կ՛անցնէր։ Սակայն երբ Փորթուկալացիները Ափրիկէի արեւմտեան ափերուն առեւտրական կայաններ կը հիմնեն, քաղաքը կը դադրի վաճառականութեան կարեւոր կեդրոն ըլլալէ։ 1893-ին Ճենէն ֆրանսացիները կը գրաւեն եւ Մոպթին Մալիի մայրաքաղաք կը հռչակեն։

Քաղաքին ճարտարապետութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ նախաիսլամական եւ իսլամական-ափրիկեան․ ցեխը շինութեան գլխաւոր նիւթն է։

Տեսարժան վայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճենէի Մեծ Մզկիթը աշխարհի մեծագոյն շէնքն է որ ցեխով կառուցուած է։ Կառուցուած է 1906-1907։ Ուրիշ տեսարժան վայրեր են՝ Չենէի հնաբանական վայրը, Հապարկեթոլօ, Թոնոպա եւ Քանիանա։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]