Հիւսիս-արեւմտեան արշաւանք 1934—1936, Չինաստանի կարմիր բանակի (ՉԿԲ) հիմնական ուժերու տեղափոխումը Կեդրոնական եւ Հարաւային Չինաստանի խորհրդային շրջաններէն հիւսիս արեւմտեան՝ Շենսի եւ Դանսու նահանգներ։ Կեդրոնական խորհրդային շրջանին մէջ գտնուող ՉԿԲ գոմինդանական բանակի շրջապատումիէն դուրս բերելու նպատակով ՉԿԿ ԿԿ 1934-ի սեպտեմբերին որոշեց ճեղքել շրջապատումը ՉԿԲ 1-ին ռազմաճակատի գլխաւոր ուժերով։ ՉԿԲ 1-ին ռազմաճակատի ուժերը (ՉԿԿ ԿԿ հետ) 16 հոկտեմբեր1934-էն, համառ մարտեր մղելով գոմինդանական զօրքերու դէմ, շարժեցան հիւսիս արեւմտեան, անցնելով քանի մը նահանգ, յունիսի սկիզբը 1935-ին Սիչուան նահանգի արեւմուտքը միաւորուեցան ՉԿԲ 4-րդ ռազմաճակատի գօրքերու հետ։ 1935-ի օգոստոսի սկզբին ՉԿԿ ԿԿ-ի Քաղբիւրոյի խորհրդակցութեան մէջ որոշուեցաւ շարունակել արշաւանքը երկու զօրասիւներու (արլ. եւ արմ.) միացեալ ուժերով հս.՝ ԽՍՀՄ սահմանի մօտ գտնուող շրջաններ։ Մակայն ՉԿԿ ղեկավարութեան մէջ պայքարի սրման (Մաո Ցզե Դունի, որ կը ձգտէր զաւթել կուսակցութեան եւ բանակի ղեկավարութիւնը, եւ 4-րդ ռազմաճակատի հրամանատարներէն Չժան Դո Տաոյի ու անոր կողմնակիցներու միջեւ) հետեւանքով կուսակցութիւնը եւ անոր զինուած ուժերը պառակտուեցան։ 1-ին ռազմաճակատի 1-ին եւ 3-րդ կորպուսները (կը մտնէին արլ. զօրասեան մէջ), որոնց հետ էին ՉԿԿ ԿԿ-ի եւ Քաղբիւրոյի անդամներու մէկ մասը, որոնցմէ են՝ Մաո Ցզե Դունը, հոկտեմբեր1935-ին հասան Շենսի եւ Դանսու նահանգներու սահմանագիծի մօտ գտնուող խորհրդային շրջանը։ ՉԿԲ մնացած զօրամիաւորումները (արմ. զօրասիւն), 2-րդ եւ 6-րդ կորպուսներու (2 ռազմաճակատ) հետ, 1936-ի հոկտեմբեր-նոյեմբերին հասան Շենսի եւ Դանսու նահանգներու սահմանամերձ շրջանը։ Հիւսիս-արեւմտեան արշաւանքը աւարտեցաւ։ Չնայած հսկայական զոհերուն, որ կրեցին ՉԿԿ եւ ՉԿԲ համառ մարտերով անցած երկար ճանապարհին, եւ ներկուսակցական պայքարին, այս աարշաւանքի հետեւանքով սահմանամերձ Շենսի—Գանսու շրջանին մէջ ամրապնդուեցաւ յեղափոխական հիմքը։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։