Jump to content

Կոկորդիլոս

Կոկորդիլոսներ (լատ.՝ Crocodilia), ջրային ողնաւորներու տեսակ (զորս երբեմն կը դասուին սողուններու խումբին)։ Հին յունարէնի մէջ՝ κροκόδειλος ὁ χερσαῖος կը նշանակէ մողէս (բառացիօրէն՝ ցամաքային κροκόδειλος), իսկ՝ հին յուն․՝ κροκόδειλος ὁ ποτάμιος՝ կոկորդիլոս (բառացիօրէն՝ գետային κροκόδειλος): Ներկայիս բոլոր տեսակի կոկորդիլոսները կիսաջրային գիշատիչներ են, որոնք կը սնանին երկակենցաղ, ջրային կամ ջրային տարածքներու մօտ ապրող անասուններով։

Կազմաբանական յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգ մը կոկորդիլոսներու երկայնքը կը կազմէ 2-5,5 մ։ Անոնք ունին տափակ գլուխ ու իրան, երկար դունչ, երկու կողմէն սեղմուած մեծ պոչ եւ կարճ ոտքեր։ Դիմացի վերջոյթներուն ունին 5 մատ, իսկ ետեւի՝ 4 (չունի ճկոյթ), որոնք փակած են մաշկին։ Ուղղահայեաց ճեղքաւոր բիբով աչքերը տեղադրուած են գլխուն վերի հատուածին մէջ, այդպիսով անիկա կրնայ նայիլ ջուրէն, դուրս հանելով միայն քթանցքները եւ աչքերը։ Քթանցքները եւ ականջներուն անցքերը ջուրին տակ կը փակուին շարժող փականներով։

Կոկորդիլոսները` Ամէնէն Ուժեղ Կերպով Խածնող Անասունները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարտ 2012-ի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներ յատուկ սարքի մը միջոցով չափած են տարբեր անասուններու խածած ուժին տարողութիւնները եւ գտած են, թէ կոկորդիլոսները աշխարհի ամէնէն զօրաւոր խածուածքը ունեցող անասունները նկատուած են: Մասնագէտները չափած են քսաներեք տեսակի կոկորդիլոսներու խածած ուժին տարողութիւնները եւ գտած են, թէ աղի ջուրի կոկորդիլոսներուն խածած ուժին տարողութիւնը հասած է տասնվեց հազար չորս հարիւր վաթսուն նիւթոնի (ուժաչափ): Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններէ ձեռք ձգուած տուեալները ցոյց տուած են, թէ մարդոց խածած ուժին տարողութիւնը կը հասնի մօտաւորապէս ութ հարիւր իննսուն նիւթոնի, իսկ բորենիներունը, առիւծներունը ու վագրերունը` մօտաւորապէս չորս հազար չորս հարիւր յիսուն նիւթոնի[1]:

Հետաքրքրական Փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կոկորդիլոսի ձու
  • Մեծ կոկորդիլոսները կրնան ապրիլ աւելի քան մէկ տարի՝ առանց ուտելու[2]:
  • Չափազանց չտաքնալու համար, կոկորդիլոսները երբեմն իրենց մարմինները ցեխով կը ծածկեն[3]:
  • Մայր կոկորդիլոսները յաճախ իրենց ձագերը իրենց բերաններով կը փոխադրեն, երբ անոնք հաւկիթէն դուրս ելլեն, որպէսզի անոնք ապահով մինչեւ ջուր հասնին[4]:
  • Կոկորդիլոսները չեն կրնար ծամել:
  • Աղի ջուրի կոկորդիլոսը կրնայ իր բերանը բաց ձգել` իր ուղեղը զովացնելու համար[5]:
  • Կոկորդիլոսները պզտիկ քարեր կը կլլեն, որպէսզի անոնք իրենց ստամոքսին մէջ օգնեն ուտելիքը ճզմելու[6]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]