Ինսթակրամ
Ինսթակրամ (անգլերէն՝ Instagram), լուսանկարներու եւ տեսագրութիւններու փոխանակման անվճար ծրագիր մը, որուն միջոցով օգտուողները կրնան լուսանկարել եւ տեսագրել, «Filter»ներ օգտագործել, ինչպէս նաեւ տարածել զանոնք իրենց ընկերային ցացերուն միջոցով[1]։ Ինսթակրամի մէջի լուսանկարները քառակուսի ձեւաչափով կը դրուին, ինչպէս Kodak Instamatic եւ Polaroid, ինչպէս նաեւ 6х6 իւրաքանչիւր միջին «format»ի տեսախցիկներուն։ Իսկ բջիջային լուսանկարչական ծրագիրներուն մեծամասնութիւնը կ'օգտագործէ կողմերու 3։2 յարաբերութիւնը։
Ինսթակրամը համատեղելի է iPhone, iPad եւ iPod Touch-ի հետ iOS 4.3-ով եւ աւելի բարձր, ինչպէս նաեւ Open GL ES 2-ով Անտրոյտ 2.2 եւ բարձր հեռախօսներու հետ։ Կը տարածուի App Store-ի եւ Google Play-ի մէջ[2]։
Ինսթակրամի հիմնադիրն է Քեւըն Սիսթրոմը:
Ապրի 2012-ին, դիմատետրը (Facebook) կը գնէ Ինսթակրամը՝ 1 միլիառ ԱՄՆ տոլարով[3]։
«Ինսթակրամ» ընկերային ցանցը հրապարակած է «Ինսթակրամ սթորիզ» կոչուող նոր ծառայութիւն մը, որ համացանցին մէջ կարճ տեսաձայնագրութիւններով բաժնեկցելու կարելիութիւն կու տայ, այնուհետեւ` ատոնք նկարներով, «էմոթիքոն»-ներով եւ գրութեամբ ամբողջացնելու:
«Սնեփչեթ» ցանցին նման, «Ինսթակրամ» այժմ թոյլ կու տայ տեղադրել լուսանկար եւ տեսանիւթ` «սլայտ-շօ»ի տեսքով, որ կը պահպանուի 24 ժամ, այնուհետեւ կը ջնջուի[4]:
Ծանոթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Frommer Dan (2010-10-01)։ «Here's How To Use Instagram»։ Business Insider։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-08-23-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ մայիսի 20(անգլերէն)
- ↑ «Instagram comes to Android, available to download now»։ 2012-04-03։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-18-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ ապրիլի 8(անգլերէն)
- ↑ Protalinski Emil (23-04-2012)։ «Facebook buying Instagram for $300 million, 23 million shares»։ ZDNet։ CBS Interactive։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-25-ին։ արտագրուած է՝ 08-09-2012
- ↑ «Ինսթակրամ սթորիզ»