Բիւթանիա

Բնակավայր
Բիւթանիա
Երկիր Հին Հռոմ
 Թուրքիա
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ322 եւ ՔԱ297

Բիւթանիա, Փոքր Ասիոյ հիւսիսային-արեւմտեան մասը, սկսած Սկիւտարէն մինչեւ Էսկիշէհիր, բովանդակելով իր մէջ Նիկոմիդիոյ գաւառը, Պրուսայի նահանգը եւ Գասթէմունիի նահանգին արեւմտեան մեծագոյն մասը:

Հայերը Բիւթանիոյ մէջ գաղութներ հաստատած են մանաւանդ` այս հողամասը թուրք իշխանութեան տակ իյնալէ յետոյ, սկսած 16րդ դարու վերջերէն:

Բիւթանիոյ ամէնէն շատ հայաբնակ մասը կը կազմէ Նիկոմիդիոյ թեմը, բաղկացած Նիկոմիդիոյ գաւառէն եւ Պրուսայի նահանգի Եալովայի շրջանէն: Նիկոմիդիոյ թեմին մէջ էր Արմաշի դպրեվանքը, որուն փոխ-վանահայրը նաեւ առաջնորդն էր Արմաշ եւ Խասկալ գիւղերուն: Պրուսայի նահանգին մէջ կային Պրուսայի եւ Պիլէճիկի առաջնորդութիւնները, իսկ Գասթեմունին երբեմն մաս կազմած է Նիկոմիդիոյ թեմին. վերջերը ունէր իր ուրոյն առաջնորդը: Պոլսոյ շրջանի վայրերը, մինչեւ Գարթալ, ենթարկուած էին Պատրիարքարանի ուղղակի ղեկավարութեան:

Բիւթանիա ունէր բազմաթիւ զուտ հայաբնակ գիւղեր, իսկ մեծ քաղաքներու մէջ հայերը ունէին առանձին թաղեր:

Բացի Պոլսոյ շրջանէն՝ Բիւթանիոյ մէջ հայաշատ քաղաքներ էին Ատապազարը, Նիկոսիզիաը, Պրուսան, Պիլէճիկը, Էսկիշէհիրը: Զուտ հայաբնակ գիւղեր էին Պարտիզակը, Օվաճըգը, Արսլանպէկը, Մանիշակը, Տէօնկէլը, Մեծ Նոր-գիւղը, Սէօհէօզը, Չէնկիլէրը, Քարցին, Շաքշաքը, Եալաք Տէրէն, Գուրտպէլէնը, Գնճըլարը, Էջմէն, Արմաշը, Խասկալը, Խաչ գիւղը, Ֆէրիզլին, Թամլըգը, Էլմալըն, Սէթ գիւղը, Արամ գիւղը, Գեղամ գիւղը, Հովիւ գիւղը, Մէրտէկէօզը: Կէյվէի Միջնագիւղը խառն էր հայ-հռոմով: Մուրատչայ, Սապանճա, Ագհիսար, Գասթէմունի, Տիւզճէ կային հայ գաղութներ, որոնք ունէին իրենց եկեղեցիները:

Բիւթանիոյ Հայերու մասին ուսումնասիրութիւն մը ունի Մինաս Գասապեան:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 402: