Այլաբանութիւն

Երաժշտութեան այլաբանութիւն, Ֆիլիփփօ Լիբբի (1475 - 1500)

Այլաբանիւթեան միջոցով գեղարուեստական գրուածքի մը մէջ ոեւէ միտք,գաղափար կամ զգացում կ’արտայայտուին անուղղակի ձեւով,առական կամ երեւոյթը կը պատկերացուին ուրիշ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը միջոցով: Այլաբանութիւնը լայնօրէն կը գործածուի առակներու եւ հէքեաթներու մէջ:Կենդանիներու,բոյսերու,անշունչ` առարկներու եւ այլ բնական երեւոյթներու անձնաւորման միջոցով կը պատկերացուին մարդիկ, անոնց բնաւորութեան դրական կամ բոցասական գիծերը` դաստիարակելու, թերութիւնները քննադատելու ուղղելու նպատակով: Օրինակ` առակներու մէջ աղուէսի միջոցով կ’ակնարկուի խորամանկ եւ հնարամիտ մարդոց, գայլի միջոցով` կը ծաղրուի մարդոց ագահութիւնը եւ դաժանութիւնը,ճպուռի միջոցով` ծուլութիւնը, կրիայի միջոցով` դանդաղութիւնը:Առակներու մէջ բնաւորութեան դրական գիծեր կը ներկայացնեն գառնուկը,մեղուն,մրջիւնը,աղաւնին,ձին եւ այլն: Այլաբանական բնոյթի գրուածք մըն է Ղազարոս Աղայեանի «Յիշողութիւն» բանաստեղծութիւնը, որ գրած է զարական կառավարութեան կողմէ հայկական դպրոցներու փակման առնչութեամբ:Հեղինակը կարելիութիւն չունենալով բացայայտ կերպով արտայայտելու իր միտքերը,դիմաց է խօսքի այլաբանական ձեւին:Ոտանաւորին մէջ շարունակ բոյն շինող եւ նորոգող ծիծերնակը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը,անոր շինարար ոգին,բռնութիւններուն դիմանալու անոր կամքը:Իսկ արիւնարբու թշնամին կը ներկայացնէ բռնակալութիւնը: