USB Ցայտիչ

USB ցայտիչի նկար:

USB ցայտիչ շարժական արտաքին յիշողութեան սարք մը (պահեստանոց), որ հիմնուած է NAND տիպի flash յիշողութեան վրայ։ Անիկա փոքրիկ, թեթեւ, շարժական եւ բազմաթիւ անգամներ գրել-կարդալու ունակութեամբ՝ տեղեկութիւն կրող սարք մըն է, որ կրնայ կրել մինչեւ 64 ԿՊ տեղեկութիւն։ Ցայտիչը, արագ տիպի յիշողութեամբ սարք մըն է, որ աւելի արդիւնաւէտ է, քան ճկուն մագնիսական սկաւառակը (floppy)։ Ցայտիչներուն մէջ կ'օգտագործուի շարժական յիշողութեան սարքերու՝ USB Mass Storage չափանիշը։

Սարքը օգտագործելու համար, համակարգիչը պէտք է ունենայ USB Mass Storage։ Mac OS X համակարգի գործող բոլոր տարբերակները ունին USB Mass Storage սարքաւորումներու ապահովում։ Microsoft Windows XP, 2000 եւ ME եւս ունին այսպիսի սարքերու ապահովութիւն, սակայն Windows-ի բոլոր նախկին տարբերակները կը պահանջեն driver, որ, սովորաբար, կը տրամադրէ արտադրողը։ [1]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցայտիչը ստեղծուած է 1998-ին IBM-ի կողմէ, որպէսզի փոխարինէ ճկուն մագնիսական սկաւառակները՝ ThinkPad գիծի արտադրանքներուն համար։ Հակառակ անոր, որ IBM-ն է որ առաջին անգամ յայտարարած է այս սարքին մասին, սակայն հրապարակելու արտօնագիր չէ ստացած եւ հետագային, M-Systems-ի հետ պայմանագիր կնքած է, որպէսզի անոնք զարգացնեն եւ արտադրեն այդ սարքերը։ Այս սարքին եւ այլ նոր սարքերու հետ կապուած քանի մը այլ արտօնագիրներ, այժմ կը պատկանին M-Systems ընկերութեան։

Առաջին ցայտիչները կ'արտադրուին M-Systems-ի կողմէ՝ «Disgo» վաճառանիշով, հետեւեալ տարողութիւններով՝ 8ՄՊ, 16ՄՊ, 32ՄՊ եւ 64ՄՊ։ Ասոնք կը ներկայացուէին հանրութեան, որպէս «ճկուն մագնիսական սկաւառակներ վերացնողներ», եւ այդ նոյն կառուցուածքով արտադրուած է մինչեւ 256ՄՊ։ Սակայն, շուտով, Ասիական արտադրողները կը սկսին արտադրել իրենց սեփական ցայտիչները՝ Disgo-էն աւելի աժան գիներով։

Իսկական 28 ՄՊ-ոց «Disgo»

Ժամանակի ցայտիչներուն մէջ կը կիրարկուի USB 2.0 միացում։ Սակայն, տուեալ պահին, անոնք չեն օգտագործեր այդ միացման ամբողջ 480 ՄՊիթ/վ արագութիւնը՝ բուն ֆլէշ յիշողութեան անգամներ աւելի փոքր արագութեան պատճառով։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստորոգութիւններ:Համակարգիչի յիշողութեան սարքեր Ստորոգութիւններ:Տեղեկութիւն կրողներ