DreamWorks
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ընկերություն Տրիմ Ոուրքս Սթուտիօ, (պաշտօնական անուանում՝ Տրիմ Ոուրքս II), յայտնի Ամերիկեան շարժապատկերային ընկերութիւն, որ կը զբաղի ֆիլմերու, մուլտֆիլմերու, հեռուստահաղորդումներու եւ համակարգչային խաղերու մշակմամբ, փրոտիւսինկով եւ վաճառքով։ Ան արտադրած է աւելի քան 100 մլն. տոլար հասոյթ ունեցող տասնեակ ֆիլմեր։ Ամենաշահութաբեր այս պահի դրութեամբ Փարամոնթ Փիքչըր-ի հետ համատեղ արտադրած, Մայքըլ Պէյի «Թրանֆորմըրներ - Լուսնի Մութ Կողմը» ֆիլմն է, որուն հասոյթը կը գերազանցէ 1.2 միլիարը։ Իսկ սեփական արտադրութեամբ ամենաշահութաբեր ծրագիրը «Յաւերժ Շրեք» մուլտֆիլմն է, որ ապահոված է մոտաւորապէս 752 միլիոն տոլար։
Ընկերութեան պատմութիւնը սկսած է 1994 թուականին, երբ Սթիւըն Սփիլպըրկի, Ճէֆրի Քացընպըրկի եւ Տավիտ Կաֆնի (Եւ իրենց սկզբնատառերով կազմուած է ընկերութեան անունը ՍՔՃ.) Այս ձգտող բնաւորութիւնը իրենց մղեց ստեղծել Հոլիուտեան նոր արուեստանոց։ Հետագային համաձայնեցան վաճառել արուեստանոցը «Վիաքոմ» ընկերութեան, որ նաեւ կը գլխաւորէ Փարամոնդ Փիքչըր-ին։ Վաճառքը աւարտուեցաւ 2006-ի Փէտրուարին։
Տրիմ Ոուրքս-ի գծաշարժական ստորաբաժանումը առանձնացաւ եւ դարձաւ անկախ ընկերութիւն վերանուանուելով՝ Տրիմ Ոուրքս էնիմէյշն ՍՔՃ-ի։
2010 թուականէն Ոուլթ Տիզնի Սթուտիօզ Մոշըն Փիքչըրզ Ինթէրնեշընըլ ԱՄՆ-ի մէջ եւ դարձաւ Տրիմ Ոուրքսի գեղարուեստական ֆիլմերու գլխաւոր բաժանակիցը։