Jump to content

1917-ի Փետրուարի Յեղափոխութիւն

1917-ի Փետրուարի յեղափոխութիւնը, թիւով երկրորդն է՝ յաջորդած 1905-ի յեղափոխութեան եւ նախորդած՝ 1917-ի պոլշեւիկեան յեղաշրջումին։

Փետրուարեան յեղափոխութեամբ Ռուսիոյ մէջ խառն դարաշրջանը ծայր կ'առնէ, երբ ոչ միայն Ռոմանով գերդաստանը գահընկէց կ'ըլլայ, այլեւ Ռուսիան կը դադրի կայսրութիւն ըլլալէ եւ կը տատանի դրամատիրական վարչակարգը՝ ցնցելով եւ ի վերջոյ կը փոխուի երկրին վերնախաւը։

Յեղափոխականները դուրս ելած են ցարին ոստիկանութեան դէմ: Փեթրոկրատ, 1917:
  • Աշխարհամարտին՝ Ռուսիոյ ձախաւեր մասնակցութիւնը՝ ռազմաճակատներու վրայ իրերայաջորդ պարտութիւններով եւ երկրի ներսի կեանքին տակն ու վրայ ըլլալով։
  • Նիքոլա Բ կայսեր անկարողութիւնը իշխելու երկիրին՝ վրիպած անձերը իբրեւ նախարար եւ զօրավարի պաշտօնին կոչելով։
  • Տէրութեան իշխանական դասակարգը պաշարած կաշառակերութիւնը։
  • Քարուքանդ տնտեսութիւնը։
  • ժողովուրդը որ այս ամէնը տեսնելով եւ յեղափոխական զանազան քարոզիչներէն ազդուելով՝ այլեւս չէր հաւատար ցարին, եկեղեցականներուն եւ տեղական իշխանութեանց։
  • Խոշոր արդիւնաբերողները եւ առեւտրականները եւս դժգոհ էին ցարի քաղաքականութենէն։ Ցարի ընտանիքին պատկանող անձերն անգամ կը տրտնջային։
Քանի մը օրէ ի վեր հրաբուխի գագաթն ենք... Փետրոկրատի մէջ հաց չկայ այլեւս, փոխադրականը խիստ անկանոն կը բանի ձիւնի, սառնամանիքի, այլ մանաւանդ՝ պատերազմի արհաւիրքին պատճառաւ...։ Փողոցներու մէջ տակնուվրայութիւն կ'իշխէ... ։ Կարեւորը սակայն հացի տագնապը չէր...։ Վերջին կաթիլն էր...։ Հսկայ այս ոստանին մէջ նոյնիսկ քանի մը հարիւր հոգի պիտի չգտնէիր, որոնք իշխանութեան համամիտ ըլլային... ։ Եւ ասիկա տակաւին վերջ չէ. իշխանութիւնն անգամ ինքնիրեն համամիտ չէր։ Մէկ հատիկ նախարար չկար, որ ինքն իրեն հաւատար եւ իր ըրածը շիտակ սեպէր... ։ Իշխող դասակարգը ի չիք կը դառնար։
- Վասիլի Շուլկին «Օրեր»[1]


Յեղափոխութեան Ժամանակագրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 21 Փետրուար, անօթի ընդվզումներ Փետրոկրատի մէջ։ Ամբոխները կը կողոպտեն ու կը ջարդեն փուռերը։
  • 23 Փետրուար, ծայր կ'առնէ համայնական գործադուլը։ Հազարաւոր բանուորները կը տողանցեն «Դադրեցուցէ՛ք պատերազմը», «Անկցի՛ մենիշխանութիւնը», «Հաց տուէք»[2]:
  • 24 Փետրուար, աւելի քան 200 հազար բանուոր, 214 գործատուն եւ ամբողջ ուսանողութիւնը կը մասնակցի գործադուլին։
  • 25 Փետրուար, մասնակիցներուն թիւը 305 հազարի կը հասնի, 421 գործատուն անդամալոյծ կը կենայ։ Բանուորներուն կը միանան արհեստաւորներն ու մանր պաշտօնեաները։ Զինուորները կը մերժեն ապստամբները ցրուել։
  • 26 Փետրուար, տակնուվրայութիւնը կը շարունակուի։ Բանակը եւս անհնազանդ է։ Ոստիկանութիւնն անկարող է խաղաղ կացութիւնը վերահաստատել։ Նիքոլա Բ կը յետաձգէ Խորհրդարանի նիստերը մինչեւ Ապրիլ 1, ինչ որ իբրեւ Խորհրդարանի ցրուում կ'ընկալուի։
  • 27 Փետրուար, զինեալ ապստամբութիւն։ Պատերազմի չմասնակցող զօրաբաժինները չեն հպատակիր հրամանատարներուն եւ կը միանան ապստամբներուն։ Կէսօրէ ետք իրենց կը միանան ընտրանի կայազօրի գունդերը։ Կը գրաւուին զինարանները, գլխաւոր նամակատունը, հեռագրատունը, երկաթուղիի կայարաններն ու կամուրջները։
Նիքոլա Բ

Խորհրդարանը կեանքի կը կոչէ «Փեթերսփուրկի մէջ կարգ ու կանոնը վերահաստատող եւ տէրութեան ատեաններու եւ հպատակներու միջեւ յարաբերութիւնը կատարող» Առժամեայ Յանձնախումբ մը։

  • 28 Փետրուար, գիշերը Առժամեայ այդ Յանձնախումբը կը յայտարարէ որ ամբողջ իշխանութիւնը կը ստանձնէ։
  • 28 Փետրուար, կ'ապստամբին այլ գունդերը եւ նաւազները։ Աւրորա ռազմանաւը ապստամբներուն ձեռքը կ'անցնի։
  • 1 Մարտ, ապստամբութիւնը կը յորդի Քրոնշթատթ արուարձանը եւ Մոսկուա։ Պալատականները Ցարին կը թելադրեն կա՛մ հաւատարիմ բանակը Փետրոկրատ մտցնել կա՛մ ալ՝ Խորհրդարանին իշխանութեան տակ եղող կառավարութիւն մը կեանքի կոչել։ Վերջին տարբերակը կ'ենթադրէր ցարին իշխանութեան զգալի սահմանափակումը Անգլիոյ օրինակով։
  • 2 Մարտ, գիշեր, Նիկոլա Բ կը ստորագրէ այդ կառավարութիւնը հաստատող հրովարտակը, սակայն բանը բանէն անցած կ'ըլլայ՝ հպատակները կը պահանջեն իր գահընկէցութիւնը։

Գլխաւոր սպայակոյտի պետ զօրավար Ալեքսէեւ հեռագիրներ կ'ուղարկէ բոլոր ռազմաճակատներու հրամանատարներուն՝ հարցնելով իրենց կարծիքը, թէ Ցարը պէ՞տք է հրաժարի արդեօք՝ իր որդիին ձգելով գահը։ Հինգ այս հրամանատարներուն ալ պատասխանը կ'ըլլայ՝ ցարը պէտք է հրաժարի։

  • 2 Մարտ, կէսօրէ ետք Նիկոլա Բ կը հրաժարի՝ գահը ձգելով ժառանգ, իր որդի Ալեքսէին, խնամակալութեամբ Ցարի կրտսեր եղբօր՝ մեծն իշխան Միխայիլի։ Նոյն օրը ցարը կը հրաժարի նաեւ գահաժառանգին անունով։
  • 4 Մարտ, լրագիրները կը հրապարակեն Նիկոլայի եւ Միխայիլ մեծն իշխանի հրաժարման հրովարտակները[3]։

1917-ի Փետրուարի Յեղափոխութեան Հետեւանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ջնջուած է մահապատիժը։
  2. Շնորհուած է քաղաքական ազատութիւնը։
  3. Ազատ արձակուած են քաղաքական բանտարկեալները։
  4. Ջնջուած են Հրեաներու՝ բնակավայր ընտրելու սեղմումները եւ բնակութեան համար հաստատուած պարտաւորիչ տարածքները։
  5. Ծայր կ'առնէ արհեստակից միութեանց շարժումը։
  6. Բազմազգ տէրութիւնը կը բաժնուի, կը ստեղծուին անկախ պետութիւնները, ընդ որում՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Փետրուարի Յեղափոխութեան Չլուծուած Խնդիրները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ընկերութիւնը բաժնուած է եւ անկարող միաբանուիլ հասարակաց որեւէ կէտի վրայ։
  • Իշխանութեան տագնապը տեւական կը դառնայ
  • Պատերազմը կը շարունակուի։
  • Գիւղացին կը մնայ հողազուրկ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]