100 հազար տոլար արժող թղթադրամը
Արտաքին տեսք
100 հազար տոլար արժող թղթադրամը գոյութիւն ունեցած է: Ան տոլարի ամէնէն մեծ թղթադրամն էր, սակայն այդ թղթադրամները տպուած են միայն քանի մը շաբթուան ընթացքին, 1934-ի վերջաւորութեան[1]:
Գործածութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոնք գործածուած են միայն դրամատուներուն եւ Դաշնակցային գանձապետարանի տարբեր մասնաճիւղերուն միջեւ եւ բնաւ շուկայ չեն իջեցուած ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դնելու համար:
1960-ական թուականներու վերջաւորութեան անոնք սկսած են հազուագիւտ դառնալ, սակայն` իրենց արժէքը տակաւին պահելով:
Այս թղթադրամին վրայի ամերիկացի նախագահին պատկերը Միացեալ Նահանգներու քսանութերորդ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին դէմքն է. ան ԱՄՆ նախագահը եղած է 1913-1921[2]: