Ֆօնոթոկրաֆ
Արտաքին տեսք
Ֆօնոթոկրաֆը առաջին մեքենան էր, որ կրնար իսկական ձայներ արձանագրել թուղթի մը վրայ սլաքի մը միջոցով յառաջացած ձայնի ալիքներու ձեւին տակ:
Հնարած է ֆրանսացի Էտուար Լէոն Սքոթ տը Մարթինվիյը (Édouard-Léon Scott de Martinville), 25 Մարտ 1857-ին[1]:
Պատմութեան առաջին արձանագրուած ձայնը
Անիկա ֆրանսական նշանաւոր «Օ քլէր տը լա լիւն» երգն է, որ արձանագրուած է 9 Ապրիլ 1860-ին Էտուար Լէոն Սքոթ տը Մարթէնվիյի կողմէ Ֆօնոթոկրաֆի մը միջոցով:
Այս արձանագրութիւնը առաջին անգամ կը կարդացուի իբրեւ ձայն 2008-ին, շնորհիւ համակարգիչին[2]: