Օշական Քհնյ. Սայեան

Օշական Քհնյ. Սայեան
Ծնած է 1865
Ծննդավայր Մուշի Բրտի Գիւղը
Մահացած է 1951
Ամուսին Սառա
Երեխաներ 1 մանչ՝ Վազգէն

Տ.Օշական Քհնյ.Սայեան(1865-1951), Աւազանի անունով՝ Անդրանիկ, որդի Յովատիմի եւ Սանամի, ծնած է Մուշ, Բրտի գիւղը, 1865-ին։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախակրթութիւնը ստացած է Հայ Միացեալ Ենկերութեան Մուշի «Ներսէսեան Վարժարան»ը, ուրկէ շէջանաւարտ եղած է 1884-ին, նշանաւոր թեան օրովդաստիարակ պէն. Մկրտիչ Սարեանի տեսչութեան օրով։ Ապա, հետեւած է ուսուցչանոցի (Վարժապետանոց) դասընթացքներուն եւ շրջանը աւարտելէ ետք, անմիջապէս նետուած է ուսուցչական ասպարէզ։

1885-1889, չորս տարիներ ան ուսուցչական պաշտօն վարած է Սասնոյ Սղերդ եւ Հազօ-Սասուն գիւղերուն մէջ։ Անկէ անցած է Բաղէշ եւ 1889-1892, չորս տարիներ կրթական գործը շարունակած է Բագրեւանդի շրջանին մէջ։ Ապա տասներեք տարիներ պաշտօնավարած է Մուշի Թաղային Վարժարաններուն մէջ։

Իբրեւ ուսումնատենչ հոգի, իր ուսման ծարաւը յագեցնելու համար, հետեւած է նաեւ Տ. Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցի եւ Մուշի առաջնորդ՝ Տ.Բաբգէն Եպո. Կիւլէսէրեանի (հետագային Կաթողիկոս) աստուածաբանական դասընդացքներուն։

Ան տարիներու ընթացքին դարձած է հմուտ շարականի, պատարագի արարողութեան ու եկեղեցական բոլործէսերուն։ Իբրեւ ձայնաւոր եւ լաւ երգող, ուսուցչական ասպարէզի կողքին վարած է նաեւ դպրապետութեան պաշտօն։

1905Մեծ Եղեռնին, թուրքերը Կարինի հայ ազգաբնակչութիւնը կ՝ ենթարկեն բռնագաղթի եւ Անդրանիկ իր ժողովուրդին հետ կը քշուի դէպի Տէր Զօր եւ Ռագգա։

1915-1922, ան եօթ տարիներ աքսորուած է Ռագգա, ամէն ժամ ապրելով մահուան մղձաւանչը՝ ականատես դառնալով իր ցեղին ջարդին։

Կեանքի ապահովութիւն եւ բնականոն վիճակ ստեղծուելէ ետք, նետուած է ազատ ասպարէզ։ Շնորհիւ յարատեւ աշխատանքին եւ տոկուն կամքին, յաղթահարած է բոլոր դժուարութիւնները եւ կարճ ժամանակամիջոցին հմտացած է անձնական գաղտնիքներուն ու ժամանակ մը վերջ ձեռնարկած է անձնական գործի ու հետզհետէ բարելաւած է իր նիւթական վիճակը։ Հետաքրքրուած է հայ գաղթականներու կեանքով։ Ան օգտակար դարձած է իր ժողովուրդի մնացորդացին եւ մեծ դեր ունեցած՝ Ռագգայի գաղութը կազմակերպելու աշխատանքին մէջ։

Ան իր կեանքի ընկեր կ՝ ընտրէ Սառան, որուն հետ կը պսակուի եւ կ՝ ունենայ մէկ զաւակ՝ Վազգէն։

1936-ին, Ռագգայի հայ գաղութին փափաքով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիվյ Մամգէն Աթոռակից Կաթողիկիսին առաջարկով՝ ան կոչուած է քահանայութեան։

Բերիոյ Թեմի առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի ձեռմամբ տեղի ունեցած է իր ձեռնադրութիւնը, 21 Մարտ 1936-ին, Հալէպի Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տէր Օշական։

Ուշագրաւ եւ հետաքրքրական երեւոյթ էր իր տարիքը։ Տէր Օշական երբ քահանայ ձեռնադրուեցաւ, եօթանասունմէկ տարեկան էր։

Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Իշխանութեան տնօրինութեամբ ու Ռագգայի փափաքով, Տէր Հայր կը նշանակուի Հոգեւոր Հովիւ Ռագգայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ տեղւոյն Ազգ. Նուպարեան խարժարանին։

Ան արդէն ծանօթ էր զաղութի ազգային եւ եկեղեցական կեանքին։ Ան կազմակերպած է եկեղեցւոյյ դպրոց դասը եւ դպրոցական աշակերտները կապած ետեղեցիին։

1936-1942, վեց տարիներ ծառայելէ ետք իր հօտին, տեղափոխուած է հալէպ եւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին տնօրէնութեամբ, նշանակուած հոգեւոր Հովիւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ, գործակից ունենալով Տ. Խորէն Վրդ. Թաշճեանն ու Տ. Խաչատուր Քհնյ. Գերմանիկեանը, իսկ աւելի ուշ՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Քիրադեանը։ Ան ունեցած է աւել այցելած է Եազուպիէի հայ գաղութը՝ պատարագելոի քան երկու հարիւր յիսուն ծխական ընտանիքներ։ Քահանայագործած է նիւթական համեստ պայմաններով եւ ժամանակ առ ժամանակ այցելած է Եազուպիէյի հայ գաղիւթըժամանակ առ ժամանակ պատարագելու եւ շրջանի հոգեւոր կարիքները հոգալու համար։

1949-ին, ան կը հիւանդանայ եւ ստամոքսային վիրաբուժումի կ՝ ենթարկուի։ Բարեբախտաբար, շուտով կը բուժուի եւ կը վերագտնէ իր առողջութիւնը ու կրկին կը շարունակէ քահանայագործել մինչեւ 1951 Օգոստոս, երբ կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, ան աչքերը առ յաւէտ կը փակէ աշխարհին, ութսունվեց տարեկանին։

Թաղման կարցին ու վերջին օծումը տեղի կ՝ ունենայ Բերիով Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ Արք. Փայասլեանի ձեռամբ, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ, 1951 Օգոստոսին։ Մարմինը կ՝ ամփոփուի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, Տէր Օշական պարգեւատրուած է Լանջախաշով եւ Ծաղկեայ փիլոնով[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 46-49։