Jump to content

Օննիկ Ֆըչըճեան

Օննիկ Ֆըչըճեան
Ծնած է 1931
Ծննդավայր Իսթանպուլ
Մահացած է 1976
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Մխիթարեան վարժարան

Օննիկ Ֆըչըճեան, ծնած եւ մահացած է Իսթանպուլ։

Յաճախած է Լուսաւորչեան եւ Մխիթարեան վարժարանները։ Վկայուած է Իսթանպուլի համալսարանի մանկավարժութեան բաժնէն։ Ուսուցչագործած է իսթանպուլահայ վարժարաններու մէջ եւ տնօրէնութեան պաշտօն ստանձնած է Պէզճեան Մաիր Վարժարանէ ներս։

Աշխատակցած է իսթանպուլահայ մամուլին՝ բանաստեղծութիւններով, պատմուածքներով, մանկավարժական յօդուածներով, թարքմանութիւններով եւ իր խմբագրած մանկապատանեկան էջերով «Երիտասարդ Սերունդին Հետ» խորագրին տակ։ Մաս կազմած է Մարմարայի գրական էջերու խմբագրական կազմին։ Ունի հրատարակուած դասագիրքերու շարք մը։ Օգտագործած է Տակառենց գրչանունը։

Հրատարակուած Գործեր

  • Արմենակ Աբրիկեան. Ուսուցչական 45ամեայ Յոբելեանին Արիթով (յուշամատեան) - Իսթանպուլ, 1955։
  • Հրեղէն Ձին (վերածում) - Իսթանպուլ, 1962։
  • Խենթի Խօսք Խենթի Պատմութիւն (քերթուածներ եւ պատմուածքներ) - Իսթանպուլ, 1969։
  • Թէոդորոս Ա. Քհնյ. Ֆչըճեան. Յուշամատեան Իր Քահանայական Գործունէութեան Յիւնամեակին Եւ Վախճանման Ա. Տարելիցին Աժթիւ (յուշամատեան) - Իսթանպուլ, 1971։
  • Մանրապատում (քրոնիկներ եւ ակնարկներ)-Իսթանպուլ, 1975։
  • Խենթի Պատմութիւն Եւ Մանրապատում (քերթուածներ եւ պատմուածքներ)-Իսթանպուլ, 1996։