Օղակաձեւ զբօսայգի, Երեւան

Օղակաձեւ զբօսայգի

Օղակաձեւ պուրակը Գետառ գետի հունով կը պտտի մայրաքաղաքի փոքր կեդրոնին շուրջը, այսպէս զայն կը բաժնէ փոքր եւ մեծ կեդրոններու։ Պուրակը կը սկսի «Այրարատ» թատերասրահին դիմացէն, ուր կը գտնուի  Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցին, կ՚եզերէ Խանջեան եւ Երեւանդ Քոչարի փողոցները ու կ՚երկարի մինչեւ Մոսկովեան եւ Իսահակեան փողոցները։

Պուրակին երկարութիւնը 5 քմ․ է։ Մինչեւ 1960 թուականներուն «Շախմատի տուն»էն մինչեւ այգիի վերջին հատուածին կային սեփական տուներ՝ իրենց պտղատու ծառերով։ Սակայն 1960-ին վերջերը անոնք քանդուեցան։ Պուրակը զարդարուած է արձաններով, շատրուաններով եւ լողաւազաններով։

Օղակաձեւ զբօսայգիին հիմնական նպատակն է մայրաքաղաքին օդը մաքրել, առողջ միքրոկլիմա ստեղծել եւ բնակչութեան հանգիստի վայր դառնալ։

Պուրակին մէջէն ու անոր ողջ երկարութեան կը հոսի Գետառ գետը։

2005-ին այգին անուանակոչուած է «Երիտասարդութեան զբօսայգի»[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Օղակաձեւ զբօսայգի, Երեւան