Jump to content

Քրջահաւաք

Վասիլի Փերով «Փարիզի Քրջահաւաքները»

Քրջահաւաք, 19-20-րդ դարերուն քուրջերու եւ հնոտիներու (շիշեր, թուղթեր, ոսկորներ, պարաններ եւ այլն) գնորդ։ Անցեալին եղած է երկրորդային հումքի մշակման համակարգի առաջնային օղակներէն մէկը։ Քրջահաւաքներու հաւաքած հումքը կը յանձնէին՝

  • քաթանէ լաթերը, թուղթը, գնդաթիակները, պարանները՝ թուղթի արտադրութեան համար
  • ոսկորները՝ ոսկորներու այրման գործարան՝ սոսնձի եւ պարարտանիւթերու արտադրման համար
  • բրդեայ լաթեր՝ մանածական գործարաններու մշակման համար
  • լուացած շիշերը եւ խցանները՝ օղեգործարաններ[1][2][3]։

Բացի այդ քրջահաւաքները նաեւ հնաւաճառներ էին, որոնք քաղաքի աղքատ մարդոց կը վերավաճառէին հաւաքած հագուստի մէկ մասը։

Հին ժամանակներէն սկսած մարդիկ կը փորձէին երկրորդ անգամ օգտագործել դէն նետած իրերը։ Հնդկաստանի մէջ քրջահաւաքները միշտ անձեռնամխելի կաստայի պատկանող մարդիկ էին։ Եգիպտոսի մէջ անոնք «զապալինները» էին, որոնք կը պատկանէին ղպտիներուն։ Միջնադարեան Եւրոպայի մէջ, որպէս կանոն, քրջահաւաքներ կը դառնային ստրուկները, քաղաքի գործազուրկները, քաղաք տեղափոխուած գիւղաբնակները, գոյութեան միջոց չունեցող տարագիրները։

Այսպիսով Ֆրանսայի տարբեր դարաշրջաններուն քրջահաւաքի արհեստը իր անուանումը ունէր․ օրինակ՝ 13-րդ դարուն. ան կը կոչուէր «loqueti`ere» («լաթահաւաք»), յետոյ՝ «pattier» («patte» բառէն՝ «թաթ»), այնուհետեւ՝ «drillier» («շաղափ», ան, ով կը փորփրէ աղբը), եւ վերջապէս՝ «chiffonnier» (քրջահաւաք կամ հնոտիավաճառ, «chiffe»՝ հին լաթ)։

Ֆրանսական Պրետան պրովինցիայի մէջ, ուր հին լաթերու հաւաքումը սկսաւ ծաղկիլ 16-րդ դարէն, քրջահաւաքները տեղի տնտեսութեան կարեւոր բաղկացուցիչն էին։ Արդէն 1828-ին Կոտ Տիու Նոր գործարանը կը վերամշակէր աւելի քան 450 թոն լաթ, իսկ Ֆինիստր ռէի մէջ՝ 232 թոն[4]։ 19-րդ դարուն գործունէութեան այս տեսակը լայն տարածում գտաւ Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ։

Փարիզի քրջահաւաքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քրջահաւաք Փարիզի մէջ, 1899 թ․

1884-ին Ֆրանսայի մէջ կը հաշուէր մօտ 50000 քրջահաւաք, որոնցմէ 7050-ը կ՛աշխատէր Փարիզի, իսկ 2000-ը՝ մոտակայ վայրերուն մէջ[1]։ Փարիզի քրջահաւաքը կը վաստակէր օրական 3 ֆրանք, իսկ ամբողջ բնագաւառը՝ տարեկան մինչեւ 7 մլն. ֆրանք։

Փարիզի քրջահաւաքները կը բաժնուէին տիպերու[1]՝

  • մարդիկ, որոնք կը զբաղուէին լաթերու հաւաքմամբ միայն երեկոյեան կամ գիշերը՝ որպէս հիմնական աշխատանքին յաւելեալ աշխատավարձ (օրինակ՝ ուսանողները)՝ «tiffins», «chineurs»
  • «իրական» քրջահաւաքները, որոնք իրենց հացը կը վաստկէին միայն այդ գործունէութեամբ՝ «rouleurs»
  • քրջահաւաքներ, որոնց թոյլ կը տրուէր մտնել տուն եւ հաւաքել իրեր, նախքան անոնք դէն կը նետուէին՝ «placiers»
  • վերի 3 տիպերու հումքի խոշոր գնորդներ։

Փարիզի քրջահաւաքները կ'ապրէին գաղութներով՝ Փարիզի մերձակայքը։ Այդ «գետոներուն» օդը շատ վնասակար էր։ Քրջահաւաքները շատ չէին վաստկեր, մշտապէս կարիքի մէջ էին, աղքատիկ կ'ապրէին ։ Հազուադէպ արհեստը կը փոխանցուէր ժառանգաբար։

Իրենց գործունէութեան պատճառով քրջահաւաքները կը համարուէին «ցածրագոյն կաստա», հասարակութեան վարի խաւը։ Անոնց շարքերուն յաճախ կը հանդիպէին աւազակներ եւ յանցագործներ։ Անոնք կը չարաշահէին ալկոհոլը[5]։

Ժամանակակից աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժամանակի հետ բարգաւաճման ժամանակաշրջանէն յետոյ քրջահաւաքութիւնը նուազեցաւ եւ եւրոպական քաղաքներու մեծամասնութեան մէջ արգիլուեցաւ։ Արդիւնաբերութեան զարգացումը եւ նոր արուեստագիտութեան ներմուծումը հանգեցուց «աղբի» տարատեսակներու մեծամասնութեան գնազրկման։ Այսպիսով, 1865-էն ընկերութիւններու մէջ սկսան ներդնել փայտէ թուղթ ստանալու արհեստագիտութիւնը։ 1900-էն ետք լաթի եւ հին թուղթերու գիները կտրուկ իջան։ Հնոտիները սկսան օգտագործել միայն բարձրակարգ թուղթ ստանալու համար։ 1879-1902-ին բնական մազի գինը, որոնք կ'օգտագործէին թիկնոցներու արտադրութեան մէջ, 60%-ով ինկաւ, քանի որ մազերը փոխարինեցին վուշով։ Հանքահորերէն արդիւնահանուած ֆոսֆատը դուրս մղեց իր ոսկորային նմանօրինակին։ Փոքր իրերու արտադրութեան ժամանակ ոսկորը փոխարինուեցաւ նաեւ ցելիւլոիդով (պլաստմասա)՝ կոճակներ, շախմատի քարեր եւ այլն։ Արդիւնահանման արժանացումը եւ բնական հումքի ստացումը թոյլ տուաւ արդիւնաբերութիւնը զգալիօրէն ազատուի քրջահաւաքներու «արտադրանքէն»[4]։

Արդիւնաբերութիւնը աւելի խստապահանջ դարձաւ աղբանոցէն բերուող նիւթերու եւ իրերու որակի նկատմամբ։

Քրջահաւաքներու հետ պայքարը իրենց դերը խաղցան բնապահպանական կազմակերպութիւնները, որոնք կը պահանջէին արգիլել քրջահաւաքութիւնը անոնց՝ իրերու ձեռքբերման եւ պահպանման ժամանակ մաքրութեան չափանիշներուն չհետեւելու համար։ Այսպիսով, 1920-ին Փարիզի մէջ սկսաւ ժանտախտի համաճարակ, որ ստացաւ «քրջահաւաքներու ժանտախտ» անուանումը[4]։

20-րդ դարու վերջին քրջահաւաքներու թիւը Եւրոպայի մէջ խիստ նուազեցաւ, սակայն անոնց փոխարէն յայտնուեցաւ աղբահաններու նոր դաս՝ աղքատ տարագիրներ, որոնք համաձայն էին ցանկացած աշխատանքի[4][6]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Анатолий Бахтиаров, Э. Эггер История книги от ее появления до наших дней. История книги на Руси (сборник). — 560 с. — ISBN 978-5-905668-01-2
  2. под редакцией Н.А. Каринцева, перевод Е.С. Манассеиновой Как делают бумагу. — Москва: изд. "Новая Москва". — 68 с.
  3. Анатолий Бахтиаров Пролетариат и уличные типы Петербурга. — Бытовые очерки. — С-Петербург, 1895. — 231 с.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 Катрин де Сильги «История мусора. От средних веков до наших дней». — Москва: Текст, 2011. — 208 с.
  5. Александр Дюма Могикане Парижа. — 2012. — 1855. — ISBN 9785990334892
  6. Ю. В. Ермолаева "Мусорособиратели: вредный труд, необходимый обществу" // «Химия и жизнь». — 2013. — № 8.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]