Քիմիական Զէնք

ԱՄՆ զինուորներու հանդերձանքը, որ կը պաշտպանէ քիմիական զէնքէն

Քիմիական զէնք, զանգուածային խոցման զէնք՝ հիմնուած քիմիական նիւթերու թունաւոր յատկութիւններու վրայ։ Զէնքի հիմնական բաղադրամասերն են մարտական թունաւոր նիւթերը, ատոնց տեղափոխման, կիրառման եւ կառավարման սարքերը։ Քիմիական զինամթերքի տարրատեսակ է նաեւ երկակի (պինար) զինամթերքը։ Անիկա կը լեցուի երկու ոչ թունաւոր բաղադրամասերով, որոնք զինամթերքը օգտագործելով ու միախառնուելով, կը յառաջացնեն մարտական թունաւոր նիւթ։ Երկակի զինամթերքի ստեղծումը հնարաւորութիւն կու տայ ապահովել քիմիական զինամթերքի անվտանգ լիցքաւորումը, փոխադրումը մեծ հեռաւորութիւններու վրայ եւ պաշարներու ստեղծման։

Տարածքը, որուն սահմաններուն մէջ թունաւոր նիւթերու ազդեցութեան տակ տեղի ունեցած են մարդկանց եւ գիւղատնտեսական կենդանիներու զանգուածային ախտահարումներ, կը կոչուի քիմիական վարակման օճախ։ Քիմիական վարակման օճախը եւ այն տարածքը, որուն վրայ նստած է ախտահարող խտութեամբ վարակուած օդի ամպը, կը կոչուի քիմիական վարակման գօտի։

Քիմիական զէնքի խումբին կը պատկանին նաեւ յատուկ թունաւոր նիւթերը (հերպիցիտներ եւ տեֆոլիանտներ), որոնք նախատեսուած են բոյսերը ոչնչացնելու համար։ Քիմիական զէնքը լայնօրէն կիրառուած է Ա. աշխարհամարտի ժամանակ (1914-1918)։

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ մարդու օրկանիզմի վրայ ազդեցութեան՝ թունաւոր նիւթերը կ'ըլլան 6 տեսակ՝

  • Նիարտակաթուածային (նիարտալուծանքային) ազդեցութիւն
  • Մաշկաթարախային (մաշկապալարային) ներգործութիւն
  • Հեղձուցիչ ազդեցութիւն
  • Ընդհանուր թունաւորում
  • Գրգռիչ ազդեցութիւն
  • Հոգեքիմիական ազդեցութիւն

Թունաւոր նիւթերը, ըստ կայունութեան աստիճանի, կը բաժանուին 2 խումբի՝ կայուն թունաւոր նիւթեր, որոնց թունաւորող յատկութիւնը կը պահպանուի մի քանի ժամէն մինչեւ մի քանի օր, եւ անկայուն թունաւոր նիւթեր՝ մի քանի վայրկեանէն մինչեւ 1-2 ժամ։ Թունաւոր նիւթերը կ'օգտագործուին կաթիլահեղուկային, կոլորշի (կազային) վիճակին մէջ, այերոզոլի (մառախուղ, անձրեւ) ձեւով։ Աւելի արդիւնաւէտ է այերոզոլային եղանակը, որովհետեւ այդ պարագային կ'ապահովուի մանրագոյն մասնիկներու առաւելագոյն խտացած մթնոլորտի մերձգետնեայ շերտին մէջ, եւ կաթիլները կրնան թափանցել շէնքեր, ոչ հերմետիկ կառոյցներ եւ այլն։ Թունաւոր նիւթերը օրկանիզմ կրնան թափանցել չպաշտպանուած շնչառական անդամներով, լորձաթաղանթով, մաշկով՝ մաշկի վրայ թունաւոր նիւթի կաթիլ իյնալով կամ թունաւորուած առարկաներու հետ շփուելով, ստամոքսաղիքային համակարգով (թունաւորուած ջուրով, սննդամթերքով)։ Թունաւորումը կրնայ յառաջանալ կամ կարճ ժամանակին մէջ կամ գաղտնի շրջանէ ետք։

Լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն այն թունաւոր նիւթերն ու հերպիցիտները, որոնք մարդու եւ շրջակայ միջավայրի վրայ կը ներգործեն դանդաղ, տեւական եւ որոշ պարագաներու կը յառաջացնեն. սերնդագիտական կազմածի վնասը, որ կը յանգի վերարտադրութեան խանգարման՝ բուսական եւ կենդանական աշխարհի տարբեր ներկայացուցիչներու այլասերման։ Այդպիսի հետեւանքներ յստակօրէն դրսեւորուած են Վիեթնամի մէջ, ԱՄՆ-ու կողմէ քիմիական զէնքի կիրառման հետեւանքով, մասնաւորապէս՝ նարնջագոյն նիւթ («էյնճընտ օրէնճ») կոչուող հերպիցիտէն։

Նիարտակաթուածային Ազդեցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիարտակաթուածային ազդեցութիւնները կ'ըլլան գոլորշիի, կաթիլահեղուկային վիճակին մէջ եւ մարդու օրկանիզմ կը թափանցեն շնչառական, աղեստամոքսային ուղիներով։ Կ'ախտահարեն նիարտային համակարգը։ Կայուն են։ Ախտահարման նշաններ են՝ թքարտադրութիւն, շնչառութեան դժուարութիւն, բիբերու նեղացում, կաթուածահարութիւն։ Ատոնք ամենավտանգաւոր թունաւոր նիւթերն են։

Մաշկաթարախային Ներգործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաշկաթարախային ներգործութիւնը կաթիլահեղուկային եւ գոլորշման վիճակին մէջ կ'ախտահարեն մաշկը եւ աչքերը։ Գոլորշին ներշնչելով կ'ախտահարուին շնչուղիները եւ թոքերը, վարակուած սնունդ եւ ջուր ընդունելով՝ մարսողական անդամները։ Կը յառաջանայ օրկանիզմի թունաւորում։ Այս թունաւոր նիւթերու պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է պաշպանուիլ հակակազով եւ պաշտպանիչ հագուստով։

Հեղձուցիչ Ազդեցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեղձուցիչ ազդեցութիւնները օրկանիզմի վրայ կ'ազդեն շնչառական անդամներու միջոցով։ Ախտահարման նշաններ են՝ քաղցրանման տհաճ համ բերանին մէջ, գլխապտոյտ, հազ, թուլութիւն։ Վարակման օճախէն դուրս բերելէ ետք այդ ազդեցութիւնները գրեթէ կը վերանան, որ խաբուսիկ է, ընդամէնը գաղտնի շրջան, որուն կը յաջորդեն լուրջ խանգարումներ։

Ընդհանուր Ազդեցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընդհանուր ազդեցութիւնները շատ թունաւոր են՝ մահացու ազդեցութեան, կ'ախտահարեն եւ՛ մաշկով, եւ շնչառական, մարսողական ուղիներով։ Տուժածին կը ներարկեն հակաթոյն, երբեմն կը կատարեն արհեստական շնչառութիւն եւ շտապ կը տեղափոխեն բուժարան կամ հիւանդանոց։

Գրգռիչ Ազդեցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրգռիչ ազդեցութիւնները կը յառաջացնեն սուր այրուածք եւ ցաւ բերանին, կոկորդին ու աչքերուն մէջ, արցունքազատում, շնչառութեան դժուարութիւն։ Պաշպանութեան համար կ'օգտագործուի հակակազ։

Հոգեքիմիական Ազդեցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեքիմիական ազդեցութիւնները կ'ազդեն կեդրոնական նիարտային համակարգին վրայ եւ յառաջ կը բերեն հոգեկան ու ֆիզիքական խանգարումներ։ Պաշպանութեան համար կ'օգտագործուի հակակազ։ Այս թունաւոր նիւթերով ախտահարուածի մարմինի վարակուած մասերը պէտք է մշակել օճառ-ջուրով, աչքերը եւ քիթ-բերանը մաքրել ջուրով։

Տես Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Նախնական զինուորական պատրաստութիւն, 10-րդ դասարանի դասագիրք։

Կաղապար:ՀԲՀ