Jump to content

Քթաըմբանային Ուռեր


Քթաըմբանը, (nasopharynx) կը գտնուի քիթին յետսամասը: Ան կը նմանի տուփի մը, որուն առաստաղը կը կազմէ գանկին ստորոտը: Անոր երկու պատերուն վրայ կը տեսնուին երկու լսափողերու եւստաքեան (Eustachian tubes) խողովակներուն բերանները:  Ըմբանը կ'ըլլայ քթաըմբանին շարունակութիւնը:

Քթաըմբանը եւստաքեան խողովակներու միջոցով շարունակ հաղորդակցութեան մէջ է  միջին ականջին հետ: Որեւէ մէկ անբնական երեւոյթ քթաըմբանին մէջ իր անդրադարձը կ'ունենայ միջին ականջին եւ ներքին ականջին վրայ եւ մասնաւորապէս` լսողութեան վրայ:

Քթաըմբանային ուռերը սկիզբ կ'առնեն քթաըմբանին մէջ եւ կամ քթաըմբանէն դուրս, այսինքն` քիթին մէջ եւ կամ ուղեղին վրայ:

Անչափահասներու մօտ անոնք կրնան ըլլալ ընդոծին (congenital), այսինքն՝ կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս ուռերը ընդհանրապէս կը ծագին ուղեղէն եւ կը կոչուին ուղեղային ճողուածք-տոպրակ (encephalocele) եւ կամ` մակուղեղէն (pituitary), ու կը կոչուին մակուղեղային ուռ:

Քթաըմբանի ուռերը կը պատահին ամէն տարիքի մարդոց` առանց սեռի խտրութեան: Սակայն անոնք առաւելաբար կը պատահին 50 տարեկանէն ետք:

Քթաըմբանին ուռերը երկու տեսակ են` լաւորակ (benign) եւ վատորակ-չարաղէտ (malignant): Լաւորակ ուռերն են.

  • ցցօններ (polyps),
  • գեղձուժռուսք (adenoids),
  • անօթաթելային (angiofibroma),
  • թելային (fibroma),
  • լորձնային,
  • աճառային,
  • ոսկրային
  • աւշագեղձային ուռեր:

Վատորակ ուռերը մեծ մասամբ կը կազմեն քաղցկեղը, որ կը պատահի առաւելաբար տղամարդոց, ծխողներու, ալքոլ գործածողներու եւ տարեցներու մօտ:

Լաւորակ ուռերուն ախտանշաններն են` քիթի խցում եւ բերանային շնչառութիւն, իսկ վատորակ ուռերուն ախտանշաններն են` տեղայնական ցաւ, քիթի արիւնահոսութիւն, ծամելու դժուարութիւն, ծնօտային ցաւ, լսողութեան տկարացում եւ վիզի աւշագեղձերու ուռեցք:

Քթաըմբանային ուռերու ախտաճանաչումին համար կօգտագործուին` հիւանդին պատմականը, բժշկական քննութիւնը, քթաըմբանի զանազան տեսակի նկարումները, ինչպէս` Քէ ճառագայթային սովորական նկարումը, համակարգչային շերտագրական նկարում (CT scan) եւ մագնիսարձագանգային նկարում (MRI): Կենսահերձումը խիստ կարեւոր է ունենալու համար ուռին ճշգրիտ ախտաճանաչումը:

Չարաղէտ ուռերու պարագային, ենթական բժիշկին կը ներկայանայ ընդհանրապէս շատ ուշ, երբ արդէն ուռը որոշ չափով ծաւալած կ'ըլլայ: Յառաջացած ըլլալու պարագային, ենթական կը ներկայանայ գլխացաւով, քիթի խցումով եւ արիւնահոսութեամբ, լսողութեան տկարութեամբ, ականջաբզզիւնով, վիզի կարծր աւշագեղձերով եւ երկտեսողութեամբ (diplpia):

Չարաղէտ ուռերուն դարմանումը կը կատարուի ընդհանրապէս Քէ ճառագայթային դարմանումով եւ քիմիադարմանումով: Որոշ պարագաներու, ուռին վիրահատումը, այլ դարմանամիջոցներու կողքին, պարտաւորիչ է:

Վատորակ ուռերու պարագային, Քէ ճառագայթային եւ կամ քիմիադարմանումի պատճառով կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` լորձնագեղձերու եւ դէմքի մկաններու հիւծում, ինչպէս նաեւ` ուղեղային զանազան աստիճանի վնաս:

Լաւորակ ուռերը կը դարմանուին վիրաբուժութեամբ, այսինքն ուռը ամբողջութեամբ կը վիրահատուի[1]:

Լաւորակ ուռերէն է նաեւ, շատ հազուադէպ, օսլայակերպ (amyloid) կոչուած ուռը: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի 60-70 տարիքի տղամարդոց մօտ: Անիկա ընդհանրապէս կ'ըլլայ մեծ եւ կը գրաւէ ամբողջ քթաըմբանը: Անիկա կը ճնշէ լսափողին եւստաքեան խողովակին սկզբնաւորութեան վրայ եւ կը յառաջացնէ լսողութեան տկարացում, քթաըմբանի ամբողջական խցում, բերանային մնայուն շնչառութիւն: Անոր ախտաճանաչումը եւ դարմանումը կը կատարուի քթաըմբանի լաւորակ ուռերուն նման[2],[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]