Jump to content

Քէտմոն

Քէտմոն
Ծնած է անյայտ
Ծննդավայր Նորթումպրիա
Մահացած է անհայտ[1]
Մահուան վայր Whitby Abbey?
Քաղաքացիութիւն Նորթումբրիա
Երկեր/Գլխաւոր գործ Cædmon's Hymn?
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ

Քէտմոն (անգլ.՝ Caedmon), 7-րդ դարու երկրորդ կէսի անգլո-սաքսոնական բանաստեղծ է: Անգլիացի տեղական խօսուածքի անգլիացի հնագոյն բանաստեղծ է, որուն անունը յայտնի է: Անոր պատմութիւնը մեզի հասեր է շնորհիւ Պիտ Մեծարելի «Անգլիացի ժողովուրդի եկեղեցական պատմութիւնը» տարեգրութեան, որը գրուած է քանի մը տասնամեակ անց: Քէտմոնը Ուիթպիի աբբայութեան մէջ վանամայր Հիլտայի (657-680 թթ.) ժամանակ հասարակ ծառայ էր, որ սկսեր է ստեղծագործել՝ ոգեշնչուած աստուածային տեսիլքէ մը: Հակառակ իր անգրագիտութեանը՝ ան այնուհետեւ կը դառնայ նուիրեալ վանական եւ արգասաւոր քրիստոնեայ բանաստեղծ:

Պիտ Մեծարելի եւ թագաւոր Ալֆրէտ Մեծի հետ Քէտմոնն այն եզակի անգլո-սաքսոնական բանաստեղծներէն է, որու մասին միայն անուն, քանի մը կենսագրական տեղեկութիւններ եւ ստեղծագործութիւններու մէկ մասը մեզի հասեր են: Իր ստեղծագործութիւններէն, որ ըստ Պիտ Մեծարելի՝ լաւ գրուած է, մնացեր է միայն «Քէտմոնի հիմնը», որը իննմասանի գովաբանութիւն է Արարիչ Աստծոյ մասին: Այս բանաստեղծութիւնը հին անգլերէնով գրուած ամենահին ստեղծագործութիւններէն է, որուն մէջ օգտագործուեր են հին գերմանական դիւցազներգական պոեզիայի աւանդական հմտութիւններ քրիստոնէական հայեցակարգերով, որոնք նորութիւն էին անգլո-սաքսոններու համար: Ժիւնիուսի ձեռագրի բանաստեղծութիւնները երկար ժամանակ վերագրեր են Քէտմոնին, բայց այսօր այդ տեսակէտը բաժնող չկայ: Այնուամենայնիւ, անոր կարճ կ'անուանեն «անգլիական բանաստեղծութեան հայր»:

Պիտ Մեծարելիի պատմուածքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
ձախէն

Միակ առաջին աղբիւրը, որը կը վերաբերի Քէտմոնի ստեղծագործութեանը, հիւսիս-ումպրիական վանական Պիտ Մեծարելի «Անգլիացի ժողովուրդի եկեղեցական պատմութիւն»-ն է, տարեգրութիւն մը, որը գրած են 731 թուականին: Ըստ Պիտ Մեծարելիի՝ Քէտմոնն աշխարիկ եղբայր է, որ վանքի մէջ անասնապահութեամբ կը զբաղուի Սթրոնսհալխի վանքի մէջ (Ուիթպիի աբբայութիւն)՝ Անգլիայի հիւսիս-արեւելքը: Երեկոյ մը, երբ վանականները քէֆ կ'ընէին երգելով եւ տաւիղ նուագելով, Քէտմոնը շատ արագ կը լքէ ուրախութիւնն ու քէֆը, որպէսզի անասուններուն հետ քնանալու համար, քանի որ ոչ մէկ երգ չէր գիտեր եւ չէր գիտեր ալ ինչպէս ստեղծագործել: Երազին մէջ մարդ մը կը տեսնէ, որ իրմէ կը խնդրէ երգել արարածներու սկիզբը: Մերժելէն ետք իր մէջ կը յայտնաբերուի գրել կարճ գովաբանութիւն մը Աստուծոյ՝ երկնքի ու երկրի արարիչին[2]:

Միջնադարեան այլ աղբիւրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուիթպիի աբբայութեան աւերակները

Մեզ յայտնի չեն Քէտմոնի այլ ստեղծագործութԻւններ: Փաստացի, ավելի ուշ՝ 12-րդ դարում անգլիական աղբիւրները կը յիշատակեն Պիտ Մեծարելիի «Եկեղեցական պատմութիւն» ստեղծագործութեան մեջ Քէտմոնի անունը: Այս ստեղծագործութեան մէջ գրուած է, որ Քէտմոնի բանաստեղծութիւնները գրի առած են վանքի գրիչները[3]Կաղապար:,[4]:

Քէտմոնի մասին յիշատակութիւն կայ Հելիանտին վերաբերող լատիներէն երկու բնագրի մէջ, որը հին սաքսոներէնով բանաստեղծութիւն մըն է:

Ստեղծագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրէնքներու կորուսեալ ժողովածու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ժիւնիուսի ձեռագրի առաջին էջը

Ըստ Պիտ Մեծարելիի՝ Քէտմոնը հին անգլերէնով գրուած բազմաթիւ եկեղեցական բանաստեղծութիւններու հեղինակ է: Ի հակառակ Ատլհելտի եւ Տանսթանի՝ ան կը գրէ միայն եկեղեցական չափածոներ: Պիտ Մեծարելի կը ներկայացնէ Քէտմոնի կողմէ յիշատակուած թեմաներու ցուցակ՝ Արարաչութեան մասին պատմուածքներ, Հին եւ Նոր կտակարաններէն թարգմանութիւններ եւ Դժոխքի մասին նկարագրութիւններ, Դրախտի եւ Վերջին դատասխանի մասին: Այս ժողովածուէն մեզի հասեր է միայն մէկ բանաստեղծութիւն՝ անոր գրած առաջին ստեղծագործութիւնը, որը աւանդաբար կ'անուանեն Քէտմոնի Հիմն[5]:

Քէտմոնի հիմնէն պատճէն՝ Պիտ Մեծարելիի ստեղծագործութեան մէջ

Մեզի հասած Քէտմոնի միակ ստեղծագործութիւնը Քէտմոնի ՀԻմնն է՝ հին անգլերէնով գրած բանաստեղծութիւն, որը նուիրուած է Աստծո՛ փառաբանութեանը, որը ան գրած էր իր երազի ընթացքին: Այս բանաստեղծութիւնը, որն ունի ինը տող եւ քառասունհինգ բառ, հին անգլերԷնով ցայսօր յայտնի բնագիրներէն մէկն է՝ Ռութուէլի խաչի եւ Օզոնի զարդատուփի վրայ փորագրուած գրութիւններով: Այն նաեւ հին գերմանական լեզուով գրուած բանաստեղծութեան հնագոյն հաստատուած օրինակներէն է: Հեղինակը կիրառած է հին գերմանական դիւցազներգական բանաստեղծութեան աւանդական հմտութիւնը, ինչպիսիք են՝ փոփոխական տաղաչափութիւնն ու քեննինկարի (? անյայտ անուանում) կիրառումը քրիստոնէական հայեցակարգերու հանդէպ, որոնց անգլո-սաքսոնները ծանօթ են միայն քանի մը սերունդ:

Յետագայ սերունդներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որպէս հին անգլերէնով գրուած հնագոյն բանաստեղծութիւն՝ Քէտմոնին կարճ կը բնութագրեն որպէս «անգլիական բանաստեղծութեան հայր» կամ «անգլիական սուրբ բանաստեղծութեան հայր», որուն շնորհիւ կը բացայայտենք անգլո-սաքսոնական քերթողական գրականութեամբ, անոր աստուածային ներշնչանքը կը բաղդատատեն յոյն գրող Փինտարոսի հետ[6]: Արժանթինացի գրող Խորխէ Լուիս Պորխէսը 1976 թ. յայտարարեց, որ Քէտմոնն իր հռչակի համար պարտական է իր օտարերկրեայ լսարանին եւ գեղագիտական վայելքին[7]}}:

Ուիթպիի Սուրբ Մարիամ եկեղեցւոյ գերեզմանատանը Քէտմոնին նուիրուած յուշարձան կայ քարէ մեծ խաչի տեսքով, որուն ձեւաւորումը ոգեշնչուած է անգլո-սաքսոնական մեծ խաչերէն՝ երկու կողմերուն վրայ բուսական տարրերու կերպարներով եւ Քրիստոսին, Դաւիթ արքային, Հիլտա մայրապետին եւ Քէտմոնին պատկերող պատկերազարդումներով: «Քէտմոնի հիմն»-ի հին անգլերէն բնագիրը քանդակուած է հին սկանտինաւեան տառերով եւ լատիներէնով[8]: Բացումը կատարուեր է 1898 թ. դափնեկիր բանաստեղծ Ալֆրէտ Աուսթինի ներկայութեամբ: Այս յուշարձանը Վիքթորեան ժամանակահատուածին Քէտմոնի պատմութեամբ յարուցուած հետաքրքրութեան վկան է՝ ազգային եւ շրջանային կամ տեղագրական զգացմունքներու բնագրի մէջ:


Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  2. Bède le Vénérable, 1995, Livre IV, chapitre 24, էջ 282-285
  3. Whitelock, 1963
  4. Wrenn, 1946, էջ 281
  5. Stanley, 2004
  6. Borges, 2013, էջ 682-683
  7. Borges, 2013, էջ 1666
  8. Townend, 2013, էջ 166-167