Քիրքուքը կը գտնուի Իրաքի հիւսիս-արեւելեան մասը, Իրաքի Քուրտիստանի, Պաղտատէն240 ք.մ. հեռաւորութեան վրայ, որուն հետ կապուած է երկաթուղիով եւ ինքնաշարժային հանրուղիով։ Այն տեղադրուած է Զագրոս լեռնաշղթայի ստորոտը, Հայկական լեռնաշխարհէն հարաւ, պատմական Հայաստանի սահմաններուն (Կորճայքէ) մօտ 220 ք.մ.։
Քիրքուքի մէջ կ'ապրէին 50 հազար քրիստոնեաներ, սակայն 2011-ին անոնք կը հաշուեն շուրջ 10 հազար հոգի, 600.000 բնակչութեան վրայ[2]։