Քեմփ Ռոգ

«Քեմփ Ռոգ: երաժշտական արձակուրդներ» (անգլ.՝ Camp Rock) երիտասարդական ֆիլմ։ ԱՄՆ-ի առաջնախաղ ներկայացումը տեղի ունեցաւ, Յունիս 20 2008-ին։ Ռուսիոյ առաջնախաղ ներկայացումը տեղի ունեցաւ 25 Դեկտեմբեր 2010-ին։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միտչի Թորրեսը կը փափաքի յաճախել Ռոք ճամբար, ուր՝ կը մնան հարուստ ծնողներու երեխաները։ Դժբախտաբար իր ծնողքը չեն կարողանար իրեն ղրկել ճամբար։ Վերջապէս Միտչիի մայրը կը գտնէ աղջկան օգնելու հնարաւոր միջոցը։ Ան այնտեղ կ՛աշխատի որպէս խոհարարուհի եւ Միտչիին իր հետ կը տանի։ Ճամբար հասած՝ Միտչին կը հանդիպի իր նոր ընկերուհի՝ Գէյդլինի եւ ճամբարի «սքանչելի» Թեսին։ Չցանկալով բոլորի կողմէն անտեսուած ըլլալ, Միտչին Թեսին կ՛ըսէ, որ իր մայրը հարուստ գործարար կին է եւ աղջիկները կ՛ընդունին իրեն իրենց շրջապատին մէջ։ Բայց հիմա Միտչին ստիպուած է գաղտնիքը պահել, որ իր մայրը ճամբարին խոհարարուհին է։

Դերերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]