Քասթելներ

Քասթելները մարդկային աշտարակներ են:

«Քասթելներու» այս սովորութիւնը յատուկ է Սպանիոյ Քաթալոնիոյ շրջանին, ուր 200 տարիներէ ի վեր մարդիկ կը շարունակեն կերտել այս մարդկային աշտարակները:

Աւանդութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաթալոնիոյ Թարրական քաղաքին մէջ Սան Խուան եւ Սանթա Թեքլայի սուրբերուն տօները կը նշուին իւրայատուկ կերպով: Մարդկային այս աշտարակները` «Քասթելները», կը կերտուին ամբողջ տարուան ընթացքին, տարբեր առիթներով: Անոնք յատկապէս կը կազմուին Սան Խուան սուրբին տօնին առիթով, 23-էն 24 Յունիսի գիշերը, եւ` քաղաքին սրբուհի Սանթա Թելայի օրը, 23 Սեպտեմբերին, որ կը փակէ ամառնային եղանակը:

Խումբերու կազմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Քասթելլեր» կոչուած մագլցողները մաս կը կազմեն Քաթալոնիոյ 70 «քոլլիներուն» (խումբերուն): Ամէն մարդ կրնայ մաս կազմել «քոլլայի» մը, այր մարդ, կին, չափահաս եւ մանուկ: Ասիկա առիթ մըն է նաեւ նոր մարդոց ծանօթանալու: Այս կամաւոր աշխատանքը կը կարօտի շաբաթը նուազագոյնը երկու փորձի: Խումբերուն ընդհանուր պատասխանատու` «քափ տը քոլլան» կ'ընտրուի երկու տարուան համար. ան բոլոր խումբերուն հմտութիւններ ձեռք բերելու պատասխանատուն է: Խումբ մը ղեկավարողը «քափ տը քոնալլան» է:

Յղացքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Քասթելը» կը յղացուի տարբեր երկրաչափական ձեւերով մարդկային ճարտարապետական կառոյց մը, ուր իւրաքանչիւրը ունի պատկերին մէջ նշուած իրեն յատուկ տեղը: Յունիս 24-ին գիշերը տարբեր խումբերու «քասթելերները» քաղաքապետարանին առջեւ կը հաւաքուին թմբուկին եւ «կրալլա» սրինգին կշռոյթին հետեւելով: Երաժշտութիւնը գլխաւոր դեր ունի աշտարակներու կառուցման աշխատանքին մէջ, որովհետեւ ան կը նշէ հիմը կազմող անձերուն, որոնք վերի բաժինները չեն կրնար տեսնել, կառոյցին աճը:

«Քասթելլին» հիմքը «փինեան» կը գտնուի: Ինը յարկանի (մօտաւորապէս 14 մեթր) բարձրութեամբ աշտարակ մը շալկելու համար հարկ կայ իրարու վրայ 2 կամ 3 փինեաներու» ուժին:

Իւրաքանչիւր յարկ ունի նոյն թիւով «քասթելլերներ»: Գագաթին ամէնէն թեթեւ եւ տարիքով ամէնէն փոքրը` «էնքսանեթան» թեւերը կը պարզէ «ալեթան» ընելու համար[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]