Jump to content

Քաշունիք

Բնակավայր
Քաշունիք
ազրպ.՝ Qubadlı
Երկիր Արցախ
Շրջան Քաշաթաղ
ԲԾՄ 477±1 մեթր
Բնակչութիւն 5508 մարդ (1989),
672 մարդ (1912)
Կը գտնուի ափին Որոտան?
Ժամային գօտի UTC+4։00

Քաշունիք, Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանին մէջ: Համայնքը կ'ընդգրկէ 3 գիւղ՝ Քաշունիք, Վերին Քաշունիք եւ Մօրաջուր:

Քաշունիք համայնքին սահմանային գօտիով կը հոսի Հագարի գետը: Համայնքը հարթավայրային է, ունի 2593.9 հեկտար տարածք, որմէ 1277.2 հեկտար գիւղատնտեսական նշանակութեան, 1184.9 հեկտարը անտառային հողեր են: Բնակիչները հիմնականին մէջ կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Կը ցանեն ցորեն, գարի, հաճար: Գիւղին աշխարհագրական դիրքը եւ բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են շարք մը պտուղներ` ծիրան, դեղձ, նուռ, թութ, արքայանարինջ եւ տանձ աճեցնելու համար:

Բնակչութեան թիւը ըստ 2018-ի տուեալներով՝ 70 է` 23 տուն, իսկ 2010-ին՝ 52 էր[1]:1990-ական թուականներու վերջերը, գիւղին բնակչութիւնը աւելի շատ էր: Աւելի քան 80 աշակերտ ունէր դպրոցը, սակայն հետագային ներքին գաղթի եւ արտագաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը նուազած է:

Գիւղը 2007-էն ի վեր ելեկտրականութիւն ունի, ապահովուած է նաեւ խմելու ջուրով:Թէ՛ շրջվարչակազմին աջակցութեամբ, թէ՛ գիւղացիներուն ջանքերով ամէն տարի որոշ աշխատանք կը կատարուի գիւղին մէջ` ապրելու պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]