Jump to content

Փունջ (շաբաթաթերթ)

Փունջ
Տեսակ եռօրեայ, ապա՝ շաբաթաթերթ
Լեզու Արեւմտահայերէն
Խմբագիր Համբարձում Ալաճաճեան, Սիմոնիկ Ալաճաճեան եւ Սիմոն Չէօմլեքճեան
Հիմնադրուած է 1866
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Փունջ», եռօրեայ, ապա՝ շաբաթաթերթ։

Լույս է տեսել 1866–1907 թուականներին Կոստանդնուպոլսում։ Տնօրէն-խմբագիրներ՝ Համբարձում Ալաճաճեան, Սիմոնիկ Ալաճաճեան, Սիմոն Չէօմլեքճեան։

Ունեցած է պահպանողական ուղղուածութիւն, ազգի հարատեւման հիմք համարած է լեզուն, կրօնը եւ պատմութիւնը։

Ներկայացուցած է արեւմտահայութեան կեանքը, պատրիարքարանի գործունէութիւնը, քննադատած է թրքական իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը եւ քիւրտ վերնախաւի դաժանութիւնները հայերու նկատմամբ։

1880-ական թուականներու սկզբը, ապտուլհամիտեան գրաքննութեան խստացման պայմաններու հետեւանքով, «Փունջ»ի հասարակական-քաղաքական նիւթերուն փոխարէն տպագրուած են կենցաղային, կրօնական, բարոյախօսական թեմաներով յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ։