Jump to content

Փոխաբերութիւն

Փոխաբերութիւն

Փոխաբերութիւն, լեզուա-ոճային ձեւ, երբ բառ մը կը գործածուի

բառարանային իր իմաստէն դուրս՝ տարբեր իմաստով։ Գրագէտին իսկ կողմէն՝ անոր տրուած իմաստով մը, որոշ շրջագրութեան մը մէջ։ Այսպէս է քերթուածի՝ Աջիցս Եփրատ, ձախիցս Տիգրիս, ահեղ ձէներով, սաղմոս կարդալով անցան գնացին... տողին մէջ. կամ Ան մեծցուց աղջնակը, անոր բարակուկ մարմնին մէջ սիրելով իր արիւնը նախադասութեան մէջ։

Փոխաբերութիւնը որոշ նմանութիւն ունի համեմատութեան հետ,խ ան առումով, որ կրնանք ըսել, թէ անիկա կրճատուած ու խտացուած համեմատութիւն է, ուր բաղդատուող եզրերէն մէկը այլեւս չի տեսնուիր։ Փոխաբերութիւնը երբեմն կը ծաւալի մէկ բառէ անդին, կը դառնայ փոխաբերական ամբողջ համակարգ մը։ Այսպէս է, օրինակ՝ «Բիւրեղի Դիւթանք» քերթուածին մէջ, ուր բիւրեղ մը շարժող մանուկը եւ աւարտին մօտ երեւցող քերթողը «կը փոխաբերեն» իրար։