Տնտեսին Կիրակին
Տնտեսի Կիրակին, Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին, որ ունի արարչութեան չորրորդ օրուան ու այս կեանքի չորրորդ դարու խորհուրդը: Այս անունը նոյնպէս վերցուած է այդ օրը ընթերցուող Ճաշու Աւետարանէն, ուր խորհրդաւոր կերպով կը պատմուի, թէ ինչպէս իրապէս Հարուստը՝ Աստուած, ստեղծեց իմանալի աշխարհը եւ հոն տնտեսներ կարգեց հրեղէններուն, ապա ստեղծեց զգալի աշխարհը եւ հոն տնտես կարգեց մարդը, այնուհետեւ՝ Իր կողէն բխած սուրբ Արեամբ հիմնեց Եկեղեցին եւ հոն տնտեսներ կարգեց առաքեալներն ու անոնց հետեւորդները:
Իրարու հետ կապուած են Քառասնորդաց պահքի զօրութիւնները, ինչպէս ցոյց կու տան եւ կ'ուսուցանեն ընթերցուածները: Իսկ չորրորդ Կիրակիի խորհուրդը բազմանշանակ է, ինչպէս բազմանշանակ են չորս թիւի խորհուրդները[1]:
Տնտեսի Կիրակիին պատարագի ընթացքին կը կարդացուի Ղուկ. ԺԶ. (16) գլուխը, ուր պատմուած է Տնտեսին առակը։ Օրուան շարականներուն մէջ ալ Տնտեսի եւ անոր յարակից Մեծատանն եւ Ղազարոսի առակներուն իմաստները կը պարունակին։ Տնտեսի Կիրակին Զատկի հետ 35 օրուան շարժականութիւն ունի, եւ Փետրուար 22-էն մինչեւ Մարտ 28 կրնայ զուգադիպիլ։
Անիրաւ Տնտեսին Առակը Ի՞նչ կը թելադրէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օրուան խորհրդածութեան նիւթն է հաւատացեալ քրիստոնեայի աշխարհի հետ ունեցած յարաբերութիւնը, նիւթի եւ նիւթական ստացուածքներու տնօրինումը։ Այս առակը քաջալերական է նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք թէեւ «հեռու չեն արքայութենէն» (Հմմտ. Մարկոս, ԺԲ. 34), բայց գաղջ քրիստոնեաներ ըլլալով` դեռ հոն չեն մտած: Քրիստոնեաներ, որոնք տարուած ըլլալով աշխարհիկ մեծ ու փոքր հոգերով, չեն կրնար հետամուտ ըլլալ հոգեւոր գանձեր դիզելու: Անոնց տրուած է գոնէ բարեգործութիւններով երկնքի մէջ բարեկամներ շահելու կարելիութիւնը: Իւրաքանչիւր բարեգործութիւն Աստուծոյ աթոռին առջեւ ինքնին բարեխօս է նուիրատուին համար: Ինչպէս որ ճարպիկ տնտեսը իր կեանքի «ամենազգայուն» պահը անգամ օգտագործած է ֆիզիքական գոյութեան ու ապահովութեան համար, նոյնպէս եւ մարդիկ մահուան անկողինին մէջ անգամ կրնան իրենց յաւիտենական երջանկութիւնը ապահովել սրտաբուխ նուիրատուութեամբ մը` որու առընթեռ գործած մեծ կամ փոքր անիրաւութիւններուն համար անկեղծ զղջումը: Եթէ աւազակ մը մահուան գալարումներուն մէջ «դրախտը» ժառանգեց` պարզապէս իր քովի անմեղ Խաչակիցին հանդէպ անկեղծ համակրանք տածելով, ապա ուրեմն երկրի վրա Աստուծոյ մարմնացումը ճանչնալով, նոյն բանին արժանանալու հնարաւորութեամբ օժտուած է իւրաքանչիւր «աւազակ», եթէ իր խիղճը, խելքը եւ ունեցածը գործածէ: «Յաւիտենական յարկերու» մէջ ընդունուելու պայմաններէն մէկը, ուրեմն, աշխարհիկ հարստութեան լաւ տնօրինումն է, իսկ միւսը` աղօթքը[2]:
Ահա ձեւով մը այս վերջիններուն գովասանքը կ'ընէ Յիսուս այս առակին մէջ, երբ կը խօսի տնտեսի մը մասին, որ տեսնելով թէ գործէ պիտի զրկուի, անօրինութիւն մը կ'ընէ, իր տիրոջ պարտապաններուն մուրհակները փոխելով եւ զանոնք իջեցնելով, որպէսզի երբ օրին մէկը անգործ մնայ, գէթ այս մարդիկը ընդունին զինք իրենց տուներուն մէջ եւ կերակրեն զինք, որպէս երախտագիտութիւն իր կատարած կարեւոր զեղջերուն իրենց պարտքերէն։
Անշուշտ Յիսուս չի խրատեր մարդիկ, որ անօրինութիւն գործեն, այլ` ինչպէս որ մարդիկ նիւթական իրենց գործերը կարգադրելու մէջ ճարպիկութիւն ցոյց կու տան, կը թելադրէ, որ ճարպիկ գտնուին հոգեւոր կեանքի գործերուն մէջ, առատաձեռն գտնուելով իրենց նմաններուն հանդէպ, որպէսզի, անոնց բարեխօսութեամբ` կարենան օրին մէկը փրկուիլ եւ ստանալ յաւիտենական կեանքի պարգեւը Աստուծոյ կողմէ, նոյնիսկ եթէ արժանի չըլլան ժառանգելու իր յաւիտենական բարիքները, իրենց բազմաթիւ յանցանքներուն համար։
Իսկ նիւթականի եւ հոգեկանի միջեւ ընտրութեան մասին, Յիսուսի պատգամը շատ յստակ է.
կարելի չէ միեւնոյն ատեն երկու տէրերու ծառայել։ |
Յաճախ Յիսուսի այս խօսքը կը հնչէ Աւետարանին մէջ, զանազան ձեւերով. նիւթը եւ նիւթականը կը շլացնեն մարդու աչքը, կը սրեն անոր ախորժակը, սակայն երբեք չեն կրնար յագեցնել անոր սիրտն ու հոգին. ի վերջոյ ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն մարդու կեանքի ընթացքին ամբարած բոլոր հարստութիւնները երբ անոնք օր մը վերջնականապէս պիտի թողուն ուրիշներու ձեռքերուն մէջ։
Յիսուս կʼակնկալէ, որ Սուրբ Աւետարանի «Տնտեսի առակի» գլխաւոր դերակատարին նման, մարդիկ ալ՝ իբր «լոյսի որդիներ», ըլլան «ճարպիկ»։ Այս ճարպիկութիւնը խաբելու մէջ չի կայանար, այլ՝ գիտակցիլ Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն եւ զանոնք տնտեսել իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ։
Յիսուս նոյնիսկ կը յորդորէ որ մարդիկ նմանին Աստուծոյ.
Եղէք կատարեալ ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է։ |
Յիսուս կը յայտնէ, թէ Աստուած ճանչնալու համար պէտք է Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ունենալ՝ աղօթքով, առաքինի վարքով եւ առաքինի գործերով։ Միայն սիրոյ իրականութեան մէջ կարելի է զԱստուած ճանչնալ։
Առակին այլաբանական իմաստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս առակը կը յորդորէ իւրաքանչիւր անհատ հրաժարելու եւ ինքնազսպումով հասնելու փրկութեան: Առակին այլաբանական իմաստը այս է: Հարուստ մարդը կը խորհրդանշէ զԱստծուած, անիրաւ տնտեսը` մեղաւորը, որ երկար ժամանակ անհոգ կերպով կը վատնէ Աստուծոյ տուած շնորհները, մինչեւ որ Աստուած անոր հաշուետուութեան կը կանչէ: Անիրաւ տնտեսը կը խորհրդանշէ այն բոլոր մարդիկը, որոնք կը զղջան, կը ներեն իրենց պարտապաններուն պարտքերը եւ սիրելի կը դառնան հրեշտակներուն ու արդարներուն: