Տնտեսական Պատերազմ
Տնտեսական Պատերազմ, քաղաքական դաշտէն ներս կիրառուած պատերազմի տեսակ:
Նկարագրութիւն Տնտեսական պատերազմը տնտեսական ռազմավարութիւն է, որ կ'օգտագործուի պատերազմող պետութիւններու կողմէ՝ նպատակ ունենալով թուլացնել այլ պետութիւններու տնտեսութիւնը։ Այս մէկը առաջին հերթին ձեռք կը բեռուի տնտեսական շրջափակումներու կիրառումով։ Թշնամիին բերքը յօշոտելը դասական ձեւ է, որ կ'օգտագործուի հազարաւոր տարիներ։
Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին տնտեսական պատերազմը կրնայ արտացոլալ ի գործ դրուած տնտեսական քաղաքականութեան ընդմէջէն, որ կը գործադրուի պատերազմի ժամանակ կամ անոր նախորդող բացայայտ կամ գաղտնի գործողութիւններու եւ կամ տեղեկատուական գործողություններու ժամանակ։ Տնտեսական պատերազմը նպատակ ունի դադրեցնել կարեւոր տնտեսական աղբիւրներու մատակարարումը կամ վերահսկել անոնց վրայ, որպէսզի բանակը եւ հետախուզական ծառայութիւնները կարողանան աշխատիլ լիարժէք արդիւնաւէտութեամբ եւ թշնամիին ուժերը զրկել այդ աղբիւրներէն՝ խոչընդոտ հանդիսանալով անոնց աշխատանքին:
Տնտեսական պատերազմի հասկացողութիւնը առաւել նպատակայարմար է ազգային պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւններու համար, յատկապէս ընդհանուր պատերազմի ժամանակ, որ կը ներառէ ո՛չ միայն թշնամի ազգի զինուած ուժերը, այլեւ այդ երկրի տնտեսութեան լիարժէք պատերազմական տնտեսութիւնները: Նման իրավիճակի մէջ, հակառակորդի տնտեսութեան վնաս պատճառելը ուղղակիօրէն կը վնասէ պատերազմի մէջ անոր կարողութեան։
Տնտեսական պատերազմի քաղաքականութիւնն ու միջոցները կրնան ներառել ծովային շրջափակումներ, սեւ ցուցակին մէջ, գնումներու արգելափակում, պարգեւատրումներ եւ թշնամի տնտեսական աղբիւրներու կամ մատակարարման գիծերու գրաւում կամ վերահսկում։ Այլ քաղաքականութիւններ եւս գոյութիւն ունին, ինչպէս՝ սակագիներու խտրականութիւն, տնտեսական պատժամիջոցներ, օգնութեան դադրեցում, դրամագլուխի գործունէութեան սառեցում, ներդրումներու եւ դրամագլուխի այլ հոսքերու արգիլում, նոյնիսկ առանց զինուած ռազմական պատերազմի, կրնան տնտեսական պատերազմ մղել։