Տհոլ
Տհոլ, հայկական հարուածային ազգային երաժշտական գործիք։ Այն կը պատկանի երկկողմանի թմբուկներու դասին։ Այս գործիքը տարածուած է նաեւ տարբեր ազգերու մօտ եւ կ'օգտագործուի երաժշտական համույթներուն մէջ։
Տհոլը բաղկացած է գլանաձեւ սնամէջ մարմինէն կամ շրջանակէն, որու վրայ ձգուած է կաշուի կամ պլաստիկէ մեմբրան։ Մեմբրանի ձգուածութեան աստիճանով կը կարգաւորուի ձայնի բարձրութիւնը։ Տհոլի մարմինը կը պատրաստուի փայտէ, մետաղէ (պողպատ, լատուն եւ այլն), ակրիլային պլաստիկէ, իսկ գլանաձեւ մարմինի երկու կողմերէն կը ձգուի այծի կամ հորթի մշակուած կաշին։
Տհոլ նուագելու համար կը պահանջուին երկու փայտէ ձողիկներ (հաստ՝ կոպալ եւ բարակ՝ ճիպոտ, որոնք պատրաստուած են բամբուկէ կամ եղեգէ։ Ձայնը կը հնչէ երկու փայտէ ձողիկներով կամ մատներու ծայրով եւ ձեռքերու ափերով հարուածելով ձգուած կաշուին։ Տհոլը կը նուագակցուի գրեթէ բոլոր երաժշտական գործիքներու հետ։ Մասնաւորաբար տհոլի հետ կը նուագուին զուռնա, տուտուկ եւ այլ փողային գործիքներ։ տհոլի մեծ վարպետներէն են հայ երաժիշտներ Զիգֆրիդ Զիվա Գաբոյեանը, Ռոպերդ Դարունցը, Ճո Զաքարեանը։
Տհոլը տարբեր ժողովուրդներու մօտ կ'օգտագործեն երաժշտական համույթներուն մէջ, տարբեր ծիսակատարութիւններու եւ հարսանեաց հանդեսներու ժամանակ[1]։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ «Տհոլի պատմութիւնը»։ www.duduk.com։ արտագրուած է՝ 2020-12-17