Jump to content

Տիւրոսի Պաշարում (1187)

Տիւրոսի պաշարում, շարունակուած է 12 Նոյեմբեր 1187-էն մինչեւ 1 Յունուար 1188-ը։ Սարակինոսներու բանակը Սալահ ատ Տինի հրամանատարութեամբ ափ հասած է քաղաքի պարիսպներուն մօտ, պաշտպանութիւնը Կոնրադ Մոնֆերացին կը գլխաւորէր։ Երկամսեայ անդադար պայքարէն ետք Սալահ ատ Տինը Աքքա նահանջեց։

Նախապատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաթթինյան ողբերգութենէն ետք, Սուրբ Երկրի մեծ մասը ներառեալ Երուսաղէմը գրաւուեցաւ Սալահ ատ Տինի կողմէ։ Տիւրոսի մէջ հաստատուեցան խաչակիրներու բանակի մնացորդները։ Ռենօ դը Գռանյէն ղեկավարեց քաղաքի պաշտպանութիւնը, եւ բանակցութիւններ սկսաւ Սալահ ատ Տինի հետ, քաղաքի յանձման վերաբերեալ, սակայն քաղաք ժամանեց Քոնրատ Մոնֆերացին իր զինուորներուն հետ եւ քաղաքի յանձնումը կանխեց։ Ռենոն քաղաքը լքեց, իսկ Կոնրադը ղեկավարեց քաղաքի պաշտպանութիւնը։ Վերջինս յանկարծ սկսաւ հզօրացնել քաղաքի պաշտպանական ամրութիւնները։ Մուսուլմաններու ուժերու մէկ մասը Նոյեմբեր 20-ին ժամանեց, իսկ միւսը՝ 13 օր ետք[1]:

Դաժան պայքար կ'ընթանար։ Մուսուլմանները իրենց տրամադրութեան տակ ունէին 17 պաշարողական մեքենայ, որոնք անդադար քաղաքի պատերը կը գնդակոծէին, իսկ խաչակիրներու նաւերը նետաձիգներով եւ տեգակիրներով համալրուած, «կը ծածկէին» յարձակողները։

Սալահ ատ Տինի բոլոր գրոհները կը տապալէին, որու պատճառով կը ձգձգուէր պաշարումը։ Ժամանակ առ ժամանակ պաշտպանները դուրս կու գային քաղաքէն Սանչօ Մարտին անունով սպանացի ասպետի հրամանատարությամբ[2]: Վերջինս աւելի յայտնի էր «կանաչ ասպետ» անուամբ՝ իրեն այդպէս կ'անուանէին իր զրահի գոյնին պատճառով[3]: Անոր քաջութիւնը եւ վարպետութիւնը կը հիացնէր ինչպէս քրիստոնեաները, այնպէս ալ մուսուլմանները, յատկապէս՝ Սալահ ատ Տինը։ Կը խօսուէր, որ Սալահ ատ Տինը իրեն առաջարկած է անսահման գումար, միայն թէ Սանչոն ընդունի իսլամութիւնը եւ անցնի ծառայութեան իր բանակին մէջ, սակայն վերջինս հաւատարիմ մնացած է իր հաւատքին եւ շարունակած է մարտնչին սարակինոսներու դէմ[3]:

Սալահ ատ Տինի համար պարզ դարձաւ, որ միայն ծովուն մէջ, եթէ քրիստոնեաները յաղթեն ան կրնայ յաջողութեան հասնիլ ցամաքի վրայ եւ իր մօտ հրաւիրեց հիւսիս-ափրիկեան ծովակալ՝ Ապտ ալ-Սալամ ալ-Մաղրիպին. վերջինս 10 նաւով ներկայացաւ։ Իսլամական նաւատորմը սկիզբէն յաջող գործողութիւններ ծաւալեց քրիստոնեաներու դէմ, սակայն 29 Դեկտեմբերի լոյս 30-ի գիշերը 17 քրիստոնէական նաւեր գրոհեցին իսլամական նաւատորմին վրայ եւ ջախջախիչ յաղթանակ տարին։ Մուսուլմանական նաւատորմը վերադարձաւ, նաւերու սակաւաթիւ քանակի պատճառով։ Ռազմածովային անյաջողութեան պատճառով, Սալահ ատ Տինը վերջին գրոհը նախաձեռնեց քաղաքին վրայ, սակայն կրկին ծանր պարտութիւն կրեց[3]:

Այս իրադարձութիւններէն ետք Սալահ ատ Տինը հրաւիրեց ամիրաներու ժողով, որպէսզի պաշարման յետագայ ընթացքը քննարկէր։ Սակայն տեսնելով իր բանակին մէջ տիրող ծանր վիճակը որոշեց Աքքա նահանջել։ Պաշարումը 1 Յունուարին աւարտեցաւ։

Այս յաղթանակէն ետք Կոնրադի հեղինակութիւնը զգալիօրէն մեծցաւ։ Իսկ Սալահ ատ Տինի համար անյաջողութիւնը առանցքային նշանակութիւն ունեցաւ։ Այս պաշարումը վերջինիս ցոյց տուաւ, որ իր բանակը չի կրնար երկար պաշարումի ձեռնարկել։ Խաչակիրներու համար այս մէկը շատ կարեւոր յաղթանակ էր, քանի որ այս յաղթանակին շնորհիւ Տիւրոսը դարձաւ Երրորդ խաչակրաց արշաւանքի համակարգող կէտը։ Եթէ պաշարումը աւարտէր սարակինոսներու յաղթանակով, ապա շատ հաւանական է, որ Երրորդ խաչակրաց արշաւանքը աւելի քիչ արդիւնաւէտ կ'ըլլար։

  • Tyerman, Christopher, God’s war, A new history of the Crusades, ISBN 0-7139-9220-4
  • Richard, Jean, Histoire des Croisades, ISBN 2-213-59787-1
  • Runciman, Steven, A History of the Crusades, III, ISBN 014013705X
  • Helen Nicholson, David Nicolle(2005),God’s Warriors: Knights Templar, Saracens and the Battle for Jerusalem
  • George Payne Rainsford James(1854), A history of the life of Richard Coeur-de-Lion, King of England, Vol. 2
  • Jaroslav Folda(2005), Crusader art in the Holy Land: from the Third Crusade to the fall of Acre 1187—1291

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. "Nicholson" p. 81-82
  2. "Folda" p. 28
  3. 3,0 3,1 3,2 "Payne" p. 280-282