Տիեզերանաւը
Արտաքին տեսք
Տիեզերանաւ. Տիեզերանաւը եւ տուն է եւ գիտական տարրալուծարան, ուր կ'ապրին ու կ'աշխատին տիեզերագնացները: Մարդու թռիչքը դէպի տիեզերք այնքան ալ երկար պատմութիւն չունի, բայց արդէն ստեղծուած են քանի մը ձեւի տիեզերանաւեր: Առաջին տիեզերագնաց Եուրի Կակարինին տիեզերանաւին անունն էր՝ (Վոստոկ), որը արդէն ծառայած էր քանի մը տիեզերական պտոյտներու, իսկ բեռներն ու սարքերը այնտեղ կը ղրկուէին (բրոկրէս) բեռնափոխադրական տիեզերանաւերով: Ամերիկեան նշանաւոր տիեզերանաւերէն են՝ (Մերքուրի) եւ (Ճեմինի), ինչպէս նաեւ (Սբէյս Շաթլ): Նշանաւոր է նաեւ (Աբբօլօ) տիեզերանաւը, որը վայրէջք կատարեց լուսին: Տիեզերանաւը կը բաղկանայ քանի մը հատուածամասերէ՝
- Տիեզերագնացներուն խցիկը: Այն ամբողջապէս մեկուսացուած է այլ գործարարական միջավայրէն: Հոն կան յատուկ սարքեր, որոնք բաւարար քանակութեամբ օդ կ'ապահովեն , բնականոն խոնաւութեան ու ջերմութեան աստիճաններ: Տիեզերանաւին անհրաժեշտ ջերմութիւնը կ'ապահովէ արեգակը, ինչպէս նաեւ սարքերուն անհրաժեշտ ելեկտրականութիւնը: Տիեզերագնացներուն խցիկը այն միակ հատուածամասն է, որ կը վերադառնայ երկիր:
- Ուղեծրային: Այս հատուածաբաժինէն տիեզերագնացները դուրս կու գան դէպի բաց տիեզերք: Այս հատուածամասը երկիր չի վերադառնար:
- Սարքերու բաժին:Այս բաժինին մէջ կը պահուին հիմնական սարքաւորումները, շարժիչները եւ վառելանիւթին պաշարը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ինչ է ով է Երեւան 1987