Jump to content

Տատեան Վարժարան

Տատեան Վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական երկսեռ վարժարան։ ՀԻմնուած է 1844ին։

Արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան 1844ին Պոլիս՝ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ կից «Արծրունեան» անունով փայտաշէն վարժարան մը շինել կու տայ։ Առաջին վարժապետը կ՚ըլլայ Նիկողոս անուն անձ մը, որ մինչեւ 1870 իր պաշտօնը կը վարէ։

1892-ին ժողովուրդին ալ օժանդակութեամբ եկեղեցւոյ յարակից գետնին վրայ կը կառուցուի արդի քարուկիր շէնքը եւ ի յարգանս Տատեան բարեհամբաւ գերդաստանի, վարժարանը կը կոչուի «Տատեան երկսեռ վարժարան»։ 1892-1894 թուականներու միջեւ Կրօն Միքայէլեանի տնօրէնութեան օրով մանկապարտէզի դրութիւնը կը հաստատուի վարժարանին մէջ։ 1958-59 տարեշրջանին ալ նախակրթարանը, թաղեցիներու, թաղային խորհուրդի եւ հոգաբարձուներու փափաքով միջնակարգի կը վերածուի։

2013-2014 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանը տեղափոխուած է այժմու նորակարոյց շէնքին, որ կը գտնուի պատմական շէնքին դիմացը։ Ներկայիս մանկապարտէզի եւ նախակրթութեան բաժիններով կը գործէ։