Տապկուած հաց

Տապկուած Հաց

Բաննոկ (ինչպէս նաեւ յայտնի է որպէս տապկուած հաց), հնդկական խոհանոցի ազգային ուտեստ, այժմ լայնօրէն տարածուած ԱՄՆ-ի հնդկացիական ցեղերու շրջանին մէջ: Կը ներկայացնէ դրոժային խմորի տափակ կտոր (բլիթ)՝ իւղի կամ ճարպի մէջ տապկուած կամ բոված:

Որպէս խաւարտ՝ տապկուած հացի վրայ սովորաբար կը դրուին բակլաներ, տապկուած միսի խճողակ կամ մանր կտրտած պանիր: Տապկուած հացը՝ այդպիսի խաւարտի հետ միասին, յայտնի է որպէս «հնդկական տակօ» կամ «նաւահօ-տակօ»: Տապկուած հացը, որ կը մատուցուի քաղցր խաւարտով, օրինակ՝ մեղրապատ կամ շաքարի փոշի ցանած, տիպիկ ամերիկեան ուտեստ է՝ յայտնի որպէս «Փիղի ականջ»:

Տապկուած հացը պաշտամունքային դարձած է ԱՄՆ-ի հնդկիկներու մշակոյթին մէջ: Այն հանդիսանում է ոչ իայն տնակն ուտեստ, այլեւ աւանդաբար կը պատրաստուի այնպիսի տօներու համար, ինչպիսին են՝ «պաու-վաու»-ն եւ նահանգներու տօնաւաճառները: 2005-ին տապկուած հացը յայտարարուեցաւ Հարաւային Դակոտա[1] «նահանգի պաշտօնական հաց»:

Ճիշդ այդ նոյն տարին՝ 2005-ին, տապկուած հացի՝ առողջութեան համար վտանգաւոր ըլլալու մասին հարցը հասարակական լայն քննարկումներու առարկայ դարձաւ. խօսքը կը վերաբերէր ԱՄՆ-ի [2] հնդիկներու շրջանին ճարպակալման եւ շաքարախտի լայն տարածման գործին տուեալ ուտեստի ունեցած դերին: ԱՄՆ-ի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ տապկուած հացի սովորական չափաբաժինը կը պարունակէ 700 քալիորիա եւ շուրջ 20 կրամ ճարպ:

Տապկուած հացը նաեւ յայտնի է հարաւամերիկեան խոհանոցին մէջ՝ որպէս «կաչանգայ»[3]։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]