Տաճատ Քհնյ. Յակոբեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Տ. Տաճատ Քահանայ Յակոբեան | |
---|---|
Ծնած է | 1946 |
Ծննդավայր | Գամիշլի |
Քաղաքացիութիւն | Տիգրանակերտցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ, տնօրէն եւ ուսոգցիչ |
Ամուսին | Սիրվարդ |
Ծնողներ | Յովսէփ եւ Նուարդ |
Երեխաներ | Յովսէփ, Ռազմիկ, Շահէ, Դալար եւ Ասպետ |
Տաճատ Քհնյ. Յակոբեան (Աւազանի անունով Տիգրան), որդի Յովսէփի եււ Նուարդի, ծնած է տիգրանակերտցի ծնողքէ, Գամիշլի, 1946-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանէն, զոր աւարտած է 1959-ին։ Ապա ուսումը շարունակելով աւարտած է պետական վարժարանի երկրորդական բաժինը 1967-ին։
Կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, պաշտօնավարելով Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանին մէջ ութ տարի, 1970-1978։
26 Սեպտեմբեր 1976-ին, կը պատրաստուի ամուսնութեան։ Կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Շահին ու Ֆահիմէ Շահինեանի դոստրը՝ օրդ. Սիրվարդը, որուն հետ կը պսակուի Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, , ձեռամբ Տ. Մինաս քհնյ. Տէր Մինասեանի եւ կ՛ունենայ հինգ զաւակներ՝ Յովսէփ, Ռազմիկ, Շահէ, Դալար եւ Ասպետ։
1978-ին, կը տեղափոխվի Գերմանիա, Նիւթական վիճակը բարելաւելէ ետք 1982-ին, կը վերադառնայ ծննդավայր։
Կ՛որոշէ ձերնադրուիլ Քահանայ եւ ժամանակի ընթացքին, երբ կը համոզուի որոշում կ՛առնէ ու նամակով կը ներկայացնէ իր թեկնածութիւնը Առաջնոդին ու կրօնական Ժողովին։
1984-ին մուտք կը գործէ Անթիլիասի դպրեվանք, քահանայական դասընթացքի հետեւելու։
Տ. Մուշեղ վրդ. Մարտիրոսեանի տեսչութեամբ, օրինաւորապէս կ՛աւարտէ երկամեայ քահանայից դասընթացքը 1986-ին եւ կը վերադառնայ Գամիշլի։
Իր ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ՛ունենան Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռամբ, 15 Մարտ 1987-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, խարտաւիլակութեամբ՝ Ճէզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Նորայր Ծ. Վրդ. Աշըգեանի, վերակոչուելով Տ. Տաճատ։
Քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը համանուն եկեղեցւոյ մէջ լրացնելէ ետք, Առաջնորդին տնօրինութեամբ հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Գամիշլիի ծայրամասը գտնուող Մալքիէի (Տէրիք) հայկական փոքրաթիւ գաղութին եւ տնօրէն ու ուսուցիչ՝ տեղւոյն Ազգ. Ազատութիւն վարժարանին։
Իր քահանայագործութեան շրջանին Առաջնորդ Սրբազան Հօր գիտակցութեամբ ու թելադրութեամբ, կը ձեռնարկէ այլ շինարարական աշխատանքներու։
Իբրեւ տնօրէն-ուսուցիչ, տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ աւելի քան տասնըմէկ տարի՝ 1987-1999 ուսումնական տարեշրջաններուն։
Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Վեհափառը զինք կը պարգեւատրէ Լանջախաչ կրելու իրաւունքով, 1998-ին[1]։
Ծառայելով աւելի քան երեսուն տարիներ, իրեն կը շնորհեն Աւագ Քահանայի տիտղոսը 2017-ին։ եւ ան մինչ այսօր կը քահանայագործէ նոյն եկեղեցւոյ ու գաղութին մէջ, միշտ ջանալով նոր ձեռնարկներ կազմակերպել, գաղութը կենսունակ պահելու համար։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 320։