Jump to content

Տաղարան (համոյթ)

«Տաղարան», հնագոյն երաժշտութեան համոյթ։ Հիմնադրուած է 1981 թուականին, սկզբնապէս, «Շարական» անունով (մինչեւ 19851988 թուականէն՝ պետական համոյթ։

Համոյթը հիմնադրուած է Երեւանի մէջ, 1981 թուականին։ Հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար՝ Գրիգոր Դանիելյան (Դանիէլ Երաժիշտ)։ 1985-1987 թթ. «Տաղարանը» գործած է առանց գեղարուեստական ղեկավարի։

1987 թուականին երգահան Երուանդ Երկանեանը, ստանձելով «Տաղարանի» գեղարուեստական ղեկավարութիւնը, նոր շունչ բերաւ համոյթի համերգային, ստեղծագործական կեանքին մէջ, կարճ ժամանակամիջոցոին ստեղծելով ծաւալուն նոր նուագացանկ, որ կ'ընդգրկէր 300-էն աւելի հայ հոգեւոր, ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգերու բարձրարժէք եւ նրբաճաշակ մշակումներ։

«Տաղարան» համոյթի ներկայիս գեղարուեստական ղեկավար եւ դիրիժորն է դաշնակահար Սեդրակ Երկանեանը (1994-էն), որ կը շարունակէ զարգացնել համոյթի առջեւ դրուած գեղագիտական եւ գեղարուեստական խնդիրները։ «Տաղարանն» կոչուած է համերգային բեմ բարձրացնելու, տարածելու եւ քարոզելու հայ միջնադարեան հոգեւոր երգարուեստի գանձերը։ Այդ է պատճառը, որ անոր նուագացանկին մէջ միշտ կեդրոնական տեղ գրաւած են V-XV դարերու հեղինակներու շարականներն ու տաղերը։ «Տաղարանի» ծրագիրներուն մէջ առաջին անգամ նորէն ներկայացուած է հայկական ժողովրդական, ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ նուագներ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համոյթի գործունէութեան մէկ այլ հետաքրքրական կողմը կապուած է եւրոպական միջդասական եւ պարոկ շրջանի երաժշտութեան հետ։ Ունկնդրի դատին պարբերաբար կը ներկայացուին գերմանական, ֆրանսական, իտալական եւ այլ ժողովուրդներու հնագոյն երաժշտութեան ամբողջական ծրագրեր։

Համոյթի երաժշտական մեկնաբանութիւնները աչքի ինկած են ոճական ճշգրտութեամբ, բարձր կատարողական մակարդակով, հնչերանգներու հարստութեամբ, մենակատարներու եւ համոյթի ներդաշնակ ու հաւասարակշռուած հնչողութեամբ։

«Տաղարանը» համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, Արցախի, նախկին Խորհրդային Միութեան երաժշտական կեդրոններուն մէջ։

Համոյթն իր մասնակցութիւնը ունեցած է միջազգային շարք մը փառատօներուն մէջ։ «Տաղարան» համոյթը մասնակից է բացառիկ համերգներու՝ կազմակերպուած դեսպանատուներու կողմէ։

Գործիքային Կազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Երկու ֆլեյտա
  • Ֆագոտ
  • Բլուլ
  • Տուտուկ
  • Հոբոյ
  • Լարային քառեակ
  • Ուտ
  • Սանթուր
  • Երգեհոն (կամ կլավեսին, դաշնամուր)[1][1][2]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Հայկական համառոտ հանրագիտարան, հ. 4, էջ 681
  2. ««Տաղարան» համույթի համերգներն Արցախում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-11