Տալիա (Ծաղիկ)
Արտաքին տեսք
Տալիա (Ծաղիկ), բարդածաղկաւորներու ընտանիքին բազմամեայ, պալարաձեւ հաստ արմատներով բոյս։ Ցօղունը սնամէջ Է` 35-200 սմ բարձրութեամբ։ Տերեւները հակադիր են եւ փետրաձեւ։
Ծաղկաբոյլը զամբիւղ Է` կազմուած բազմաթիւ խողովակաւոր եւ լեզուակաձեւ ծաղիկներէ։
Գոյութիւն ունի 15 տեսակ՝ տարածուած Մեքսիքայի ու Կուաթեմալայի մէջ:
Տալիան բազմացնելու նպատակով թուփը կ'ազատեն աւելորդ ընձիւղներէ, կը պահեն ոչ աւելի քան 3 շիւ։
Ձմրան ցուրտէն պահպանելու համար պալարները աշնան կը հանեն հողէն, կը մաքրեն, կը չորցնեն եւ կը պահեն 4-5°C ջերմաստիճանին տակ։