Վոյնիչի ձեռագիր
Վոյնիչի ձեռագիրը (անգլ.՝ Voynich Manuscript), անծանօթ հեղինակի, անծանօթ լեզուով, մօտ 600 տարի առաջ գրուած խորհրդաւոր գիրք մըն է։
Ըստ ռատիօածխածնային վերլուծումներու, հաստատուած է որ ձեռագիրը ստեղծուած է 1404–էն 1438 թուականներուն միջեւ։ Ձեռագրին մէջ քաղաքի միայն մէկ պատկեր կայ, ուր պատկերուած է ծիծեռնակի պոչ յիշեցնող ակռաներով ամրոցի պատ։ 15-րդ դարու սկիզբը նման կառոյցներ կը գտնուէին միայն Իտալիոյ մէջ[1]:
Շատ մը մասնագէտներ Վոյնիչի ձեռագիրը փորձած են վերծանել ու թարգմանել բազմաթիւ անգամներ, բայց ապարդիւն[2]։ Միակ կարեւոր եզրակացութիւնը որուն հասած են մասնագէտները այն է, որ գիրքը գրուած է արհեստական լեզուով եւ հստակ տրամաբանական կառուցուածք մը ունի[3]:
Անուան ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին անունն է Միխայիլ Ուիլֆրետ Վոյնիչ՝ յայտնի գրող Էթել Լիլիան Վոյնիչի ամուսնոյ անուամբ, ով այս գիրքը ձեռք բերեր է 1912 թուականին։ Ներկայիս գիրքը կը գտնուի Եէյլ (Yale) համալսարանի Պէյմէքի հազուագիւտ գիրքերու եւ ձեռագիրներու գրադարանին մէջ։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը ունի 240 բարակ մագաղաթեայ թերթիկներ։ Գիրքին կողքին վրայ ոչ մէկ գրուածք կամ նկար կայ։ Թերթերու չափը 15×23 սմ է, գիրքի հաստութիւնը մօտ 3 սմ է։ Էջերու համարակալումը (որ հաւանաբար կը կատարուի գիրքը գրելէ շատ յետոյ) ցոյց կու տայ, որ մօտ երեսուն էջեր չկան։ Գիրքը գրուած է ձախէն աջ։ Համարակալած էջերու քանակը 272 է։ Գիրքը գրուած է փետուրով եւ այդ մէկով ալ գծուած են նկարները։
Ձեւաւորումը եւ բաժինները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բացառութեամբ գիրքին վերջին բաժնին, բոլոր էջերը նկարազարդուած են։ Դատելով նկարներէն, գիրքը ունի մի քանի բաժիններ որոնք իրարմէ կը տարբերին ոճով եւ բովանդակութեամբ։
- Բուսաբանական
- Աստղագիտական
- Կենսաբանական
- Տիեզերագիտական
- Դեղագործական
- Դեղատոմսեր
Թարգմանութեան փորձեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երկար տարիներ գաղտնագրութիւն ուսումնասիրողները փորձած են թարգմանել Վոյնիչի անծանօթ լեզուն, սակայն ապարդիւն։ Գիրքի թարգմանութեամբ զբաղուած է նաեւ յայտնի գաղտնագրողը՝ Նիւպոլտը, որ նշանաւոր էր Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գաղտնագիրներու վերծանումով։ Ան շուրջ եօթը տարի փորձած է վերծանել «Վոյնիչի ձեռագիրը»։ Անոր գիտութեան համեմատ, բանալին վերջին նախադասութեան մէջն է, որ (ըստ Նիւպոլտի թարգմանութեան), հետեւեալը կ'ըսէ: «Դուն ինծի տուիր բազմաթիւ դռներ»։ Այս նախադասութիւնը գրուած է միւս նշաններէն տարբեր նշաններով, ու Նիւպոլտի կարծիքով, անոր հիմքին մէջ կը գտնուին միւս նշաններուն բացայայտումներն ու իմաստները։ Ներկայիս գիրքը բոլորի համար օգտագործելի է, որովհետեւ ան ամբողջութեամբ տեղադրուած է համացանցի մէջ, որ հնարաւորութիւն եւ կարելիութիւն կու տայ բոլորին այդ ձեռագիրը թարգմանել[4]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ըստ «Վոյնիչի կոդը, Աշխարհի խորհրդավոր ձեռագրերը։» հեռուստահաղորդման
- ↑ Վոյնիչի ձեռագրի մասին www.diary.ru կայքում
- ↑ Անդրեյ Եգորով, Միխաիլ Գերշտեյն, «Վոյնիչի ձեռագիր»՝ Արդյոք կվերծանվի՞ աշխարհի ամենախորհրդավոր գիրքը։
- ↑ Աշխարհի միակ չկարդացված ու կախարդական գիրքը՝ «Վոյնիչի ձեռագիրը»[permanent dead link]