Jump to content

Վիոլետ Ճեպեճեան գրադարան

Վիոլետ Ճեպեճեան գրադարան, գրադարանը հիմնուած է Հալէպ, 13 Յուլիս 1971-ին, բժշիկ Ռ. Ճեպեճեանի կողմէ, ի յիշատակ հանգուցեալ իր տիկնոջ, ծնեալ Մանիսաճեան, 1911, Պազըլ։ Գրադարանը անհատական ձեռնարկ է, կը պատկանի Ճեպեճեան ընտանիքին եւ կը ղեկավարուի անոր անդամներուն կողմէ, ըստ այն տրամադրութեանց, որոնք ճշդորոշուած են Գրադարանի Կանոնագիր-ծրագրի մէջ, պատրաստուած հիմնադիր՝ Ռ. Ճեպեճեանի կողմէ։ Վիոլետ Ճեպեճեան Գրադարանը մասնագիտացած է Սուրիահայ գաղութի պատմութեան մէջ, զուգահեռաբար անոր ուշադրութեան առարկայ են,մշակութային եւ ընկերային փոխյարաբերութիւնները Հայ եւ Արաբ ժողովուրդներու միջեւ։ Գրադարանը սերտ կապեր ունի հայրենի եւ արտասահմանեան հայկական գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի տեղեկագրական ու մշակութային կեդրոններու եւ տեղական արաբ հաստատութիւններու հետ։ Կը կատարուին գրականութեան բազմատեսակ առաքումներ եւ փոխանակութիւններ։ Գրադարանը ունի ընթերցասրահ, որը բաց է բոլոր անոնց, որոնք փափաք ունին տեղեկութիւններ քաղելու, սերտողութիւններ ընելու:

ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍՏՈՐԱԲԱԺԱԻՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ՑԱՆԿԸ-

Սուրիոյ եւ Լիբանանի տեղական հայ մամուլ հաւաքածոներ- Հայաստանեան եւ արտասահմանեան պարբերականներ-Նմոյշներ եւ փոքրաթիւ հաւաքածոներ հայ մամուլէն ընդհանրապէս- Յաւելեալ թիւեր հայկ. թերթերէ, որոնք կ՝առաջարկուի փոխանակել։

Հայոց պատմութիւն, Հայկական հարց, հնատիպ գիրքեր, տեղական եւ հայաստանեան հրատարակութիւններ, արեւելագիտական, մատենագրական ուսումնասիրութիւններ, արխիւային նիւթեր։ Արուեստի գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ, հայերէն եւ օտար լեզուներով գրականութիւն մի քանի ձեռագիր յուշագրութիւններ (անտիպ). Արաբերէնի թարգմանուած հայ հեղինակներու գործեր. Տեղեկագրական աղբիւրներ. ՈՎ-Է-ՆԱ-ի համահաւաքուած հասցէներ՝ արտաքին, ինչ ներքին սփիւռքներէն։

Տեղական հայ հաստատութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթով ու պատմութեամբ շահագրգրուած արտասահմանեան հայ եւ օտար կեդրոններու մասին տեղեկանք։ Հայութեան հետ առնչուող նմոյշներ արաբական մամուլէն։

Գրիգոր Պողարեանի արխիւը (Կրթասիրաց Դպրոցի եւ Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան), տեղեկանք Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ հայութեան առնչուող օտար ձեռնարկներու մասին։ Օննիկ Աւետիսեանի տպագրական հայ մանրագիրի սերտողութեան եւ ստեղծումի ամբողջական արխիւը. գեղանկարիչ Արմիսի ամբողջական արխիւն ու նկարներու վերարտադրոթիւնները։ Բժ. Ա. Ա. Ալթունեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու մասին տեղեկանք։ Ռ. Ճեպեճեանի անձնական արխիվը եւ յուշերը։

Լուսանկարներու բացառիկ հաւաքածոյ Սուրիահայ Գաղութի պատմութեան բազմաճիւղ բնագաւառները ներկայացնող։ Պատմական տարբեր մարզեր շօշափող ալպոմներ. Արուեստի գործերու վերարտադրութիւններ. Փաստական նկարներ, պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մասին։

Հայ մշակոյիթի տարբեր ճիւղերը ընդգրկող քասեթներ- թատերգութիւն, երաժշտութիւն, պարային, գիտա-պատմական նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ. ասմունքներ, հայ-քարթուն. թրքական հեռատեսիլի ելոյթներ հայերու մասին։

ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաքինթօշ բազմալեզու մանրակարգիչ, տպագրական սարքով՝ որ կը գրէ 6 ալֆապետներով, ընդ որում մեսրոպական այբուբենի ճոխ տառատեսակներ, որոնց շարքին՝ Օննիկ Աւետիսեանի մանրագիրը։ Գրամեքենաներ, ծրագրի մէջ է ապահովումը՝ ՄիկորՖիլմֆոտօ-ապարատը, կարենալ վերարտադրել եւ կարդալ մամուլի խոշոր էջերը. ի հարկին զանոնք հայթայթել այլ կեդրոններէ։

Հայրենի հաստատութիւններու, Արտաքին եւ ներքին հայ Սփիւռքի համարեայ բոլոր կեդրոններու հետ, ինչպէս նաեւ հայութեամբ հետաքրքրուող օտար հաստատութիւններու հետ։ Սերտ կապերու հաստատում Արաբ Մշակութային կեդրոններու հետ։

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերէն, արաբերէն եւ օտար լեզուներով գիրքեր, պրակներ ալպոմներ. ՈՎ Է ՆԱ հասցէարան, Արտաքին եւ Ներքին Հայ Սփիւռքներու։

ԼՈՒՍԱՊԱՏՃԷՆՆԵՐ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրադարանը ունի հազուագիւտ գիրքերու եւ սպառած հրատարակութիւններու լուսապատճէններու Ֆոնտ։ Փափաքողներուն հնարաւոր է հայթայթել զանոնք՝ կազմուած կամ ազատ թերթիկներով։

1995-ին, Վ. Ճ. Գրադարանը պաշտօնապէս ճանչցուած է որպէս Հրատարակչատան Տուն, Տեղեկատուութեան կողմէ, Դամասկոս։

  • Ռ. Ճեպեճեան Ինքնակենսագրութիւն Յուշեր եւ Գործունէութիւն, 1999 Հալէպ, Տպ. ԻսՖահանի