Վարդգէս Եղիայեան
Վարդգէս Եղիայեան | |
---|---|
Ծնած է | 1936 |
Մահուան վայր | ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկա |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Փաստաբան |
Աշխատավայր | Փաստաբան, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ |
Ամուսին | Ռիթա Մահտեսեան |
Երեխաներ | Թամար, Արմէն |
Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան (Մահացած՝ 30 Սեպտեմբեր 2017, Լոս Անճըլըս):[1] Ան Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն անունով ապահովագրական ընկերութեանց դէմ բացուած դատի փաստաբաններէն էր:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան իր պաշտօնակիցներ Պրայան Քապաթեքի եւ Մարք Կիրակոսի հետ նախաձեռնած էր Ցեղասպանութեան զոհերու վնասուց հատուցումներու գանձումի գործին՝ «Նիւ Եորք Լայֆ»ի, «Աքսա»ի եւ ապահովագրական այլ ընկերութիւններու դէմ դատեր բանալով:
Հրատարակութիւններ՝ փաստագրական գիրքերու հեղինակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան նաեւ հեղինակ էր շարք մը հատորներու եւ մինչեւ իր անհանգստութիւնը կ՛աշխատէր քանի մը վէպերու վրայ:
«Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» վերնագրով հատորը, ուր ամփոփուած են 20-րդ դարու սկիզբին ռուսական ցարական շրջանի արխիւներէն թարգմանուած աւելի քան 50 վաւերաթուղթեր, որոնք կ՚առընչուին հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններուն։
«Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ Արշաւիր Շիրակեանի դատավարութիւններ» հատորը:[2]
“Ինճիրլիքի տարածքը հայերուն պատկանող հող է” Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան բացայայտած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայեր մինչեւ 1915 թուական օգտուած են շարք մը ապահովագրական ընկերութեանց ծառայութիւններէն: Այդ ընկերութիւնները, սակայն, հրաժարած են ջարդերէն մազապուրծ ընտանիքներէն շատերուն յատկացնելէ իրենց հասնելիք գումարները:
Խօսելով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ընթացքին մասին` Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան ըսած է, որ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Իր Մահկանացուն Կնքած Է Փաստաբան Վարդգէս Եղիայեան[permanent dead link]
- Վարդգէս Եղիայեան. “Ինճիրլիքի տարածքը հայերուն պատկանող հող է”[permanent dead link]
- Գերմանիան եւս Թուրքերուն հետ մեղսակից է. Վարդգէս Եղիայեան
- ԲՈԼՈՐ ԿՈՂՄԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՑԱՅԱՅՏԵՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ՓՈԽՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՊԱՏԿԵՐԸ
- Հարցազրոյց իրաւաբան եւ փաստագրական գիրքերու հեղինակ Վարդգէս Եղիայեանի հետ
- Այս դատին միջոցաւ պիտի տամ իմ պատասխանս. Վարդգէս Եղիայեան (Տեսանիւթ)
- Դրամի միւս երեսը Վարդգէս Եղիայեան