Վահրամ Վարժապետեան
Պրն. Սիսակ Վարժապետեան ծնած է 1910-ին Մարաշ եւ զաւակն է համանուն քաղաքի Սբ. Սարգիս եկեղեցիին ազգային վարժարանին Տնօրէն Յակոբ եւ ուսուցչուհի Վիքթորիա Վարժապետեաններու։ Հօրմէ որբացած 1915-ին։ Նախնական ուսումը ստացած ճիւպէյլի (Լիբանան) Ամերիկեան Նպաստամատոյցի Որբանոցին մէջ, իսկ 1929-ին շրջանաւարտ Ամերիկեան Համալսարանէն։
Կանուխէն հետաքրքրուած հայ գրով ու գրականութեամբ։ Տակաւին պատանի, իր քերթուածները լոյս տեսած են Ճիւպէյլի «Տուն» խմորատիպին մէջ։ Աշխատակցած է թէ՛ տեղական եւ թէ արտահամանեան թերթերու։
1933-ին լոյս տեսաւ իր առաջին գործը «Սարսափներու Գիրքը» թարգմանութիւն հայազգի Իսքէնտէր Աբգարիոսի Լիբանանի 1860-ի դէպքերուն պատմութիւնը եղող «The Turmoil of Lebanon» գիրքին։ 1939-ին հրատարակուեցաւ «Նիրվան»ն՝ իր քերթուածներուն առաջին հատորը: Իսկ 1939էն 1948 Պրն. Բիւզանդ Եղիայեանի եւ այլ վումբ մը գրողներու հետ հրատարակեց «Ծիածան» գրական գեղարուեստական հանդէսը։
Ունեցած է նաեւ հանրային գործունէութիւն։ Եղած է անդամ Մարաշի Հայրենակցական Միութեան եւ երկար ժամանակ գործած Հ.Բ.Ը. Միութեան շրջանակէն ներս։ Այժմ պսոյն Միութեան Պէյրութի Տեղական Մասնաժողովի Ատենադպիրն է եւ կարեւոր պաշտօնեայ՝ Իրաք Բեթրոլերմ Ընկերութեան մէջ։