Jump to content

Վահէ Տէմիրճեան

Վահէ Տէմիրճեան
Ծնած է 1 Սեպտեմբեր 1948
Ծննդավայր Դամասկոս, Սուրիա
Մասնագիտութիւն դասական երաժշտութիւն, երաժշտահան
Գործունէութիւն ժամանակակից երաժշտութեան հռչակաւոր «Թայկըրզ» («Tigers») խումբի հիմնադիր
Աշխատավայր Դաշնամուրի եւ թաւջութակի ուսուցիչ
Ամուսին Nedaa Alhakim
Երեխաներ Serge and Jack Demirjian

Վահէ Տէմիրճեան Երաժշտահան եւ ֆիլմերաժշտութեան հեղինակ, Մարտ 1967-ին դասական երաժշտութեան մրցանակի արժանացած Վահէ Տէմիրճեան: 1968ին, ան հիմնած է ժամանակակից երաժշտութեան հռչակաւոր «Թայկըրզ» («Tigers») խումբը[1]:

Վահէ Տէմիրճեան ծնած է Դամասկոս, Սուրիա, 1 Սեպտեմբեր 1948-ին, երբ տասը տարեկան էր, ան արդէն կը նուագէր դաշնամուր ու թաւջութակ: Ան իր երաժշտական կրթութիւնը կը սկսի Դամասկոսի «Բարձրագոյն Երաժշտական Հիմնարկին» մէջ, որ դռները բացած էր 1960-ին: Ան կը նուագէ Chamber Orchestra of Arabic Music institute դասական երաժշտական նուագախումբին հետ, ղեկավարութեամբ՝ յայտնի մայէսթրօ Սուլհի Ալ Ուատի, եւ որուն հետ 1964-ին կը սկսի դասական երաժշտութեան ձայնագրութիւններ պատրաստել «Սուրիական Արաբական Պատկերասփիւռին» համար: 1967-ին, Վահէ Տէմիրճեան կը նուաճէ իր դասական երաժշտութեան առաջին մրցանակը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մակարդակին վրայ՝ իր թաւջութակի նուագակցութեան համար: Ան կը շարունակէ իր երաժշտական կրթութիւնը եւ 1967-ին, Լոնտոնի մէջ կը հետեւի խտացուած երաժշտական դասընթացքին եւ զայն կ’աւարտէ «Բարձրագոյն» կոչումով[1]:

Դասական երաժշտութիւնը Վահէ Տեմիրճեանի հիմնական դպրոցն է, եւ իբրեւ այդպիսին տարիներ ծառայած է որպէս ժիւրիի անդամ «Սուրիական Երաժշտական Փառատօներուն»: Այդուհանդերձ, Վահէն կ’որդեգրէ փոփ եւ թեթեւ երաժշտութիւնը՝ հիմնելով իր անձնական նուագախումբը 1968-ին զայն անուանելով «Թայկրզ» «Tigers» Band, որ բացարձակ կապ չունէր դասական երաժշտութեան հետ: ժամանակակից երաժշտութեան հռչակաւոր «Թայկըրզ» («Tigers») խումբը կը վայելէ աննախընթաց ժողովրդականութիւն եւ հռչակ Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիայէն դուրս, եւ գրեթէ աշխարհահռչակ կը դառնայ:

Վահէ Տէմիրճեան երաժշտութիւն կը սկսի գրել Սուրիոյ Արաբական պատկերասփիւռին եւ Արաբական պատկերասփիւռներու պատրաստած շարք մը հաղորդաշարներուն (مسلسلات) համար, եւ այդ ճամբով անոր արուետը կը տարածուի ամէնուրեք: Վահէն գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ աշխարհահռչակ մեծ դերասաններու եւ բեմադրիչներու հետ, ինչպէս՝ كلأستاذ هاني الروماني والاستاذ هيثم حقي والاستاذ مأمون البني والاستاذ أيمن شيخاني (Professor Hani Al-Romani, Professor Haitham Haqqi, Professor Mamoun Al-Bunni, Professor Ayman Sheikhani) եւ շատ ուրիշներ:

1990 թողարկուած "هجرة القلوب إلى القلوب" Hijret al Qoloob պատկերասփիւռ-հաղորդաշարի երաժշտութեան հեղինակն է երաժշտահան Վահէ Տեմիրճեան [2]։

Իր յօրինած երգերու շարքը երկար է, նշենք մանկական արաբական երգ Qamar amaraya ( قمرعمرايا )անունով, որ կարելի է դիտել յու դուպի վրայ:

Երաժշտահան Վահէ Տէմիրճեան Vahe Demirjian ամուսնացած է Nedaa Alhakim-ի հետ եւ ունին երկու որդիներ՝ Serge Demirjian եւ Jack Demirjian, եւ հաստատուած են Arlington, Texas։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]