Վահան եւ Անուշ Շամլեան Վարժարան

Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանը, ամէնօրեայ վարժարան է։ Հիմնուած է 1976 թուականին, Գլենդելի՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիի հոգաբարձութեան համայնքային գործիչներու նախաձեռնութեամբ։ 1981 թուականին Շամլեան ամուսիններու նուիրատւութեամբ եւ գաղութի կատարուած հանգանակութեամբ վարժարանը ձեռք բերած է նոր շէնք։

ԱՄՆ

Ունի Ռիչարդ Թուֆենկեանի անունով մանկապարտէզ, տարրական եւ միջին բաժիններ, երգչախումբ, մարզական խումբեր(պասկէտպոլի, վոլեյպոլի, սեղանի թէնիս)։ Անգլերէնով դասաւանդուող պետական ծրագրին զուգահեռ, կը դասաւանդուի հայոց լեզուն, հայ ժողովուրդի պատմութիւն, կրօն, երգ։ Ուսուցումը կ'իրականացուի եւ՝ արեւմտահայերէն, եւ՝ արեւելահայերէն։ Աշակերտներու թիւը՝ 429։ Կըհրատարակուի տարէգիրք («Կամք»), պարբերաթերթեր («Մեր ձայնը», «Լրատու»)։ Վարժարանին յատկացուած են մնայուն հիմնադրամներ, որոնց հասոյթով նուերմրցանակներ կը շնորհուին աւարատական դասարաններիու աշակերտներուն։