Jump to content

Վահան Ա. Քհնյ. Գրիգորեան

Վահան Ա. Քհնյ. Գրիգորեան
Ծնած է 1906
Մահացած է 1977

Տ. Վահան Ա. Քհնյ. Գրիգորեան (1906-1977), Աւազանի անունով՝ Վարդեվառ, որդի Գրիգորի եւ Թրվանտի, ծնած է Հաճըն, 1906-ին։

Հայրը ունեցած է երեք զաւակներ՝ Վարդեվառ, Երանուհի եւ Անի։

Փոքրիկն Վարդեվաո մանկապարտէզի ուսումը ստացած է տեղւոյն Ազգ. Վարժարանը։ Հազիւ տաս տարեկան եղած՝ սկսած է Համաշխարհային Ա . Պատերազմը եւ ուսումը ընդհատուած։ Մեծ Եղեռնին, ան կորսնցուցած է իր ծնողքը եւ մնացած՝ առանձին։ Այդ դժբախտութեան դիմաց, իրեն համար մխիթարութիւն եղած է ազնիւ հայու մը խնամքին յանձնուիլը։ Այդ բարերարին ջանքերով՝ ան հաստատուած է Տէօրթ-եօլի Քէլլէկեան որբանոցր եւ այնտեղ ուսումը շարունակելով ա արտած՝ նախակրթարանը։

Վարդեվաո մեծ երազ մը ունեցած է. բարձրագոյն ուսում ստանալ։ Աոանց յուսահատելու պայքարած եւ յաղթահարած է իր ուսման ծրագիրը արգելակող դժուարութիւնները։ Միւս կողմէ որբանոցի ուսացիչներն ալ իր մէջ տեսած են ուսամնատենչ աշակերկը։ Որբանոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու ջանքերով ու միջոցներով՝ ան յաջողած է իբրեւ ուսանող ընդունուիլ Տարսոնի գոլէճը։ Վարդեվաո արդարացուցած է իր վրայ դրուած յոյսերը։ Իր աշխատունակութեամբ ու նկարագրի ազնուութեամբ՝ համակրելի ուսանող մը եղած է բոլորին եւ տարիներ ետք, հասած է իր նպատակին։

Յաջորղութեամբ ու բարձրագոյն նիշերուվ աւարտած է գուէճը, ու այդ առիթով առ ի գնահատանք, տնօրէնութենէն ստացածէ Լարուս բառարան մը։

Երբ դպրոցէն դուրս, իր կեանքը անապահով զգացած է, Վարդեվառ գաղթած է Հալէպ ու հոն հաստատուած։ իր ապրուստը ապահովելուն համար նետուած է կեանքի ասպարէզ։ Սակայն, տնտեսական այդ խեղճ պայմաններուն մէջ, իր վկայականին համապատասխան գործ մր չգտնելով, զիջած է ամենահամեստ աշխատանքին ու դարձած քարակոփ։ Այս գործը ընտրելուն համար կարեւոր պատճառ մըն ալ ունեցած է։ Թուրք պետութեան հրամանագրով՝ պարտադիր գաղթականութեան օրէնքէն զերծ կր կացուցուէին բոլոր այն երիտասարդները, որոնրք կ՝ ընդունէին քարակոփ դառնալ։

Այս տաժանակիր աշխատանքր կատարելով յաջռղած է իր կեանքը փրկել։ Ապա, ռւսռւցչական ասպարէզ որդեգրելու հեռանկարով, հետեւած է հայագիտական ու մանկավարժական դասընթացքներու։ Այնուհետեւ անցած է Դամասկոս ու հայկական վարժարանի ուսուցիչ նշանակուած։ երկու տարիներ պաշտօնավարելէ ետք, տեդափոխուաձ է Հոմսի Ազգ. Սահակեան Վարժարանը։ Այստեղ ալ երկու տարի պաշտօնավարած ու անցած է Պէյրութ։ Քէլլէկեան որբանոցէն ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ Յովհաննէս Կատարինէ Չադրեաններու դուստրը՝ Սիրանոյշը, որուն հետ պսակուած է Պէյրութի մէջ 1925-ին ու կրկին ուսացչական պաշտօնով տեդափոխուած է Դամասկոս։ Վարդեվառ ունեցած է հինգ գաւակներ՝ Պերճուհի, Գրիգոր,Վարդգէս, Մեսրոպ եւ Ալիս։

Այս անգամ նոր պաշտօնով տեղափոխուած է Պէյրութի Քէլլէկեան որբանոցը, ուր պաշտօնաւարած է մինչեւ 1930 թուական։ Նոյն տարին, ուսուցչական առաքելութեամբ կանչուած է Գըրզ Խան։ Ընտանեօք տեղափոխուած է այնտեղ եւ 1930-1936 հայկական վարժարաններէն ներս վարած է կրթական գործը։

1937-ին, փոխադրուած է հալէպ եւ իբրեւ պատրաստուած ու փորձուած կրթական մշակ յաջորդաբար պաշկօնաււարած է Ազգ. Սահակեան (երեք տարի), Կիլիկեան (երկու տարի) եւ Ազգ. Մըսրոպեան (երկու տարի) վարժարաններէն ներս։

1948-ին Վարդապետ կոչուած է նոր պաշտօնի. Տնօրէն նշանակուած է Գամիշլիի Ազգ.Վարժարանին։ Անցած է Գամիշլի եւ 1948-1952 տնօրէն եւ ուսուցիչ զոյգ պաշտօնները վարելէ դտք դարյեալ տեղափոխուած է հալէպ։

Քարտուղարի պաշտօն վարած է Տիար Գառնիկ Ազիրեանի գրասենեակին մէջ։

Սրբազան հօր եւ Գառնիկ Ազիրեանի ջանքերով Վարդեվառ որոշուած է քահանայ ձեռնադրուիլ ու ծառայել Հայոց. Եկեղեցւոյ։

Կիրակի, 28 Փետրուար 1954-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ Եպս. Փայասլեանի ձեռամբ Վարդեվառ ձեռնադրուած է քահանայ, վերակոչուելով Տէր Վահան, օծակից ունենալով չորս քահանաներ՝ Տէր Ատոմ, Տէր Ղեւոնդ, Տէր Վարդան եւ Տ. Հմայեակ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, նորընծայ Տէր վահան հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Լաթաքիոյ Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ ուսուցիչ՝ Նահատակաց Ազգ. Վարժարանի։

Լաթաքիոյ գաղութին ութ տարիներու իր մատուցած բարւոք ծառայութեան համար, 1961-ին Բերիոյ Թեմի առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի տնօրինութեամբ՝ տեղափոխուած է Հալէպ եւ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։

Նոյն տարին, Տէր Հայր Արժանթին մէջ քահանայագործելու հրաւէր ստանալով՝ Սրբազանին բարեհաճ հաւանութեամբ, ազատ վիճակի վկայագիր առած ու ծովային ճամբով, ընտանեօք ճամբայ ելած է դէպի արժանթին։ Ճամբու ընթացքին ծովը ալեկոծած է եւ նաւը փոթորիկի բռնուած, բայց բարեբախտաբադր, ստոյգ մահէ ազատած են բոլորը։ Այս դէպքը պատճառ եղած է, որ Տէր Հայրը փոխէ իր ծրագիրը եւ հրաժարի Արժանթինէն։ Միջոցը գտած՝ փոխած է ուղղութիւնը եւ Վերադարձած՝ Սեպիլի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ այցելու քահանայ՝ Ռազգայի, Տէր Զօրի, Թէլ ապիատի, արաբունարի եւ ճարապլուսի հայ գաղութներուն։ Հետագային, քահանայից դասուն որոշումով իրեն վստահուած է նաեւ Շաբաթ օրերու գերեզմանօրհնէքի պարտականութիւնը։

1976-ին, կրօնական առաքելութեան ընթացքին, արկածի մը հետեւանքով անկոցնոյ ծառայած է տասնմէկ ամիսներ։ Այս արդար տնօրինումը, անդրանիկ պտուզը կ՝ ըլլայ քահանայից հասարակաց սնտուկի րդութեան, որմէ առաջին օգտուողը կ՝ ըլլայ Տէր վահան։

Այս երեւոյթը, եթէ մէկ կողմէ քահանայ հայրերուն եւ Տէր Վահանին համար մեծագոյն մխիթարութիւնը կ՝ ըլլայ, միւս կողմէ ալ Բերիոյ Թեմի Ազգ.Իշխանութեան եւ կրօնական դասուն արդարութեան գիտակցուլեան չափանիշ մը, ոնչպէս նաեւ նոր նուաճում մը։

Շուրջ մէկ տարի անկողինին մէջ պառկելէ ետք, սրտի տագնապով կը մահուան Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 1977-ին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուած են Տ. Սեպուհ Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ, Կիրակի 4 սեպտեմբեր 1977-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա մարմինը ամփոփուած՝ Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 217-220։