Jump to content

Սուրբ Նշան Եկեղեցի (Պէյրութ)

(Վերայղուած է Ս. Նշան Եկեղեցի (Պէյրութ)-էն)


Սուրբ Նշան Եկեղեցի
Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Սուրբ Նշան եկեղեցի առաջնորդանիստ եկեղեցի Պէյրութի մեջ, Լիբանան Կը պատկանի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

Սուրբ Նշան եկեղեցի հիմնադրութիւնը կայ Իսքէնտէր Աբգարիոսի կենսագրութեան մէջ ուր եկեղեցիին պատմականը կայ։

Նախապէս այս վայրը եղած էր կարգաթող Յակոբ Եպիսկոպոս Ագշէհիրցիին բնակարանը։ Իր մահէն ետք, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց միաբանութիւնը կը գնէ զայն եւ ուխտաւորներու համար մատուռի կը վերածէ։ Այս հողին վրայ կը կառուցուի եկեղեցի մը։ Ահա այս եկեղեցին է որ Համաշխարհային Ա.պատերազմին (1916 Դեկտ.) թուրքերու կողմէ կը փլցուի ճամբան լայնցնելու եւ բանտ մը շինելու պատրուակով։ Բարեբախտաբար այս փլցուած եկեղեցիին մէկ նկարը քաղած է Յովհաննէս Սարկաւագ Թոմարզացի:

Պէյրութահայ նախապատերազմեան (1914) գաղութի ջանքերով այս եկեղեցին կը վերակառուցուի եւ կ'ըլլայ 1920-էն ետք, երբ Պէյրութի հայութիւնը կը բազմանայ։

Սուրբ Նշան եկեղեցին, որ կը ճանչցուէր որպէս Սուրբ Նշան վանք, կը փոխանցուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս: Մինչեւ 30-ական թուականները, փոքր մատուռը գործածուեցաւ որպէս պաշտամունքի վայր եւ երբ ալ բոլորովին անբաւարար եղած ժողովուրդին աճող պէտքերուն՝ փլցուեցաւ եւ 1938-ին տեղը կառուցուեցաւ հոյակապ եկեղեցին, որ չորրորդ պաշտամունքի վայրն է կառուցուած նոյն վայրին մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։