Jump to content

Սուրբ Նշան Եկեղեցի (Պէյրութ)

Սուրբ Նշան Եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Սուրբ Նշան եկեղեցի առաջնորդանիստ եկեղեցի Պէյրութի մեջ, Լիբանան: Կը պատկանի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։

1823-1828 թուականներուն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն՝ Յակոբ եպիսկոպոս Լիւստրացին, Դանիոս եպիսկոպոս Գարթալցին եւ Յակոբոս (կամ Գրիգոր) վարդապետը հաստատուեցան Օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող Լեռնալիբանանի էմիրութեան Պէյրութ քաղաքին մէջ՝ ամերիկացի միսիոնարներու կողմէ հիմնուած աւետարանական համայնքին կողքին։

1845 Հոկտեմբեր 29-ին վախճանեցաւ Յակոբ եպիսկոպոսը. Երուսաղէմի Յովհաննէս Պատրիարքը գնեց անոր կալուածը՝ ուխտաւորներու կարիքներուն համար, եւ ստորին յարկի երկու սենեակները վերածեց մատուռի։ Ծախսերուն մեծամասնութիւնը ստանձնեց Յովսէփ սարկաւագ Այնթապցին։ Յովհաննէս վարդապետ Իփէքճեանի հրամանով, մանրակրկիտ չափերով նորոգուեցաւ Սուրբ Նշան հոգետունը:

1860 թուականէն ետք, Այնթապցի Յովսէփ սարկաւագը գնեց Յակոբ Լիւստրացիի տունն ու յարակից բաժինները։ Կարճ ժամանակ անց կառուցուեցաւ եկեղեցի։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին՝ 1916-ին, եկեղեցին օսմանեան կառավարութեան կողմէ գրաւուեցաւ ու քանդուեցաւ՝ ճանապարհը լայնցնելու պատրուակով։ Կարճ ժամանակ ետք, հոս տեղափոխուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որուն փոխանցուեցան Լեւանտի բոլոր թեմերը (Դամասկոս, Պէյրութ, Կիպրոս), որոնք սկզբնապէս կը պատկանէին Երուսաղէմի Պատրիարքութեան։[2]

Թեմի եւ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութիւն[3]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէյրութ հաստատուած Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի օրով, Երուսաղէմի պատկանող Պէյրութի թեմի հիման վրայ, 1929 թուականին հիմնուեցաւ Լիբանանի Թեմը: Այս որոշումը պայմանաւորուած էր Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ հայկական պետականութեան անկումէն ետք Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու հոծ բազմութեամբ, մինչդեռ նախքան այդ՝ Պէյրութի հայերուն թիւը ընդամէնը 1500 էր:

Ֆրանսացի հրամանատար Ժորժ Փիքոյի կողմէ տրուեցաւ եկեղեցի կառուցելու արտօնութիւնը: 1937-ին, ճարտարապետ Տիգրան Խուբեսերեանի նախագիծով, եկեղեցին նախկին հիմքերուն վրայ վերանորոգուեցաւ, եւ մէկ տարի անց աւարտեցաւ Մայր Եկեղեցւոյ շինութիւնը: 1962 թուականին եկեղեցին ենթարկուեցաւ ներքին նորոգութիւններու: Այդ շրջանին Լիբանանի թեմի առաջնորդն էր յետագայ կաթողիկոս Խորէն եպիսկոպոս Բարոյեանը:

Եկեղեցին տուժած է Պէյրութի նաւահանգիստի 2020 թուականի պայթումէն, որմէ ետք կատարուած են սրբապատկերներու վերականգնողական աշխատանքներ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]