Ս. Մարկոս Եպիսկոպոս
Ս. Մարկոս Եպիսկոպոս Դ. դարու կէսերուն եղած է Արիթուսի եպիսկոպոսը։ Իրեն կը վերագրուին աստուածաբանական նշանաւոր բանաձեւումներ[1]։ Նշանաւոր է հեթանոսական ուսմունքներու դէմ մեծ ատելութեամբ:
Կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարկոս եղած է Սուրիոյ Արիթուս քաղաքի եպիսկոպոսը: Ապրած Դ. դարուն: Անոր ունեցած գրիչին եւ խօսքին կարողութիւններէն հմայուած, արիոսականներ կ'ուզեց օգտուիլ իրմէ, եւ զինք իրենց վարդապետութեան ջատագովը դարձնել: Ուստի կը փորձեն սիրաշահիլ զինք եւ հրաւիրել զանազան ժողովներու: Ան կը մասնակցի արիոսական զանազան ժողովներու, նկատուելով կիսարիոսական եւ կը դառնայ հեղինակը «Որդին յամենայնի նման է Հօրը» բանաձեւին: Սակայն Սելեւկիոյ ժողովէն ետք, ամբողջութեամբ կը վերադառնայ ուղղափառութեան[2]:
Կոստանդիանոս կայսեր օրերուն (306-337) ան կ'աւերէ քաղաքին հեթանոսական հոյակերտ մեհեանը եւ փոխարէնը եկեղեցիներ կը կառուցէ, որուն պատճառով հեթանոսները անոր հանդէպ ոխակալութեամբ կը լեցուին[3]:
Յուլիանոս Ուրացող կայսեր օրերուն կը հալածուի հեթանոսներէ, մանաւանդ որ կործանած էր հեթանոսական մեհեան մը: (361-363), քաղաքին հեթանոսները կը սկսին բացայայտօրէն արտահայտել իրենց թշնամանքը քրիստոնեաներու հանդէպ, մանաւանդ մեծահամբաւ հայրապետն՝ յիշելով անոր կողմէ աւերուած մեհեանը: Կայսրը կը հրամայէ, որ եպիսկոպոսը կա՛մ վերականգնէ մեհեանը, կա՛մ վճարէ անոր գինը: Ս. Մարկոս, տեղեկանալով այդ մասին, կը հեռանայ եւ կը ծպտուի անապատի մը մէջ:
Երբ կ'իմանայ, որ իր փոխարէն ձերբակալած են այլ քրիստոնեաներ, կու գայ եւ ինքզինք կը յանձնէ դատաւորին՝ խնդրելով, որ ազատ արձակեն միւսները: Դաժանագոյն խոշտանգումներէ ետք, զինք կ'ուղարկեն կայսեր մօտ, քանի որ ան ոչ մէկ տառապանքէ կ'ընկճուէր եւ կ'ըսէր, որ ո՛չ ոսկի ունի, ո՛չ ալ արծաթ մեհեանը վերաշինելու համար եւ փոխարէնը ինքզինք կը յանձնէ իրենց: Կայսրը, անձամբ տեսնելով սուրբին անբնական համբերութիւնը, կը զարմանայ: Ան կը ցանկայ մահուան պատիժի դատապարտել զինք, բայց որպէսզի ան մարտիրոսութեան պատիւին չարժանանար, ծանր չարչարանքներու ենթարկելէ ետք, զինք կ'աքսորէ հեռաւոր կղզի մը, ուր իր կեանքին մնացած օրերը կ'անցընէ, հեթանոսները քրիստոնեայ դարձնելով, ուր եւ կը կնքէ իր մահկանացուն[4]: