Jump to content

Ս. Թադէի Վանք

Ս. Թադէի վանքը կը գտնուի Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգին մէջ, պատմական Արտազ գաւառը:

Ս. Թադէի վանքը, ըստ աւանդութեան, կառուցուած է Թադէոս Առաքեալին նահատակուած վայրին տեղ, ուր կը գտնուի Առաքեալին շիրիմը, եկեղեցւոյ ձախ կողմի խորանին մէջ:

Թադէի վանքին կառուցման թուականը յայտնի չէ. Կը կարծուի, թէ ան կառուցուած է 6-9րդ դարերուն: Վանքը ունի երկու երկնասլաց գմբէթներ, որոնք կը խորհրդանշեն Մեծ ու Փոքր Մասիսները: Եկեղեցւոյ պատերը շինուած են սեւ ու ճերմակ սրատաշ քարերով: Խորանները զարդարուած են գեղեցիկ խաչաքանդակներով, հայ արքայական զինադրօշներով, բարձրաքանդակ նկարներով, առաքեալներու, սուրբերու եւ թագաւորներու պատկերներով: Ս. Թադէի վանքը շրջապատուած է քարաշէն շէնքերով եւ բարձր պարիսպներով:

Ս Թադէոս (Թադէ) Առաքեալի վանքը կը գտնուի Չալտրանի Ղարաքիլիսա գիւղին մէջ, Թեհրան - Բազարգան ճանապարհի 60 քմ ի վրայ։ Կառուցման թուականը կը վերագրուի 4-էն 6-րդ դարերուն, իսկ ըստ աւանդութեան՝ զայն հիմնադրած է Թադէոս Առաքեալը 66 թ-ին։ Քարին փորագրուած գրութիւնը կը վկայէ, որ վանքը 1814 թ. վերանորոգուած է Աբրաս Միրզայի հրամանով։ Ս. Թադէոս Առաքեալի վանքը քանի մը անգամ երկրաշարժէն աւերուած է եւ կրկին վերանորոգուած։ 1946 թ. վերանորոգուած է Թաւրիզի հայոց առաջնորդարանի ջանքերով եւ 1954 թ. առաջին հայ ուխտաւորները՝ 50-60 հոգինոց խումբով, Սուրբ Թադէոս Առաքեալի նահատակութեան օրը ուխտագնացութիւն կազմակերպեցին Թաւրիզէն դէպի Ս. Թադէի վանք։ Այդ ժամանակ կառուցուեցաւ 60 քմ. ճանապարհ՝ Ղարազիաէյտինէն մինչեւ վանք։ Վանքի գմբէթը բրգաձեւ է եւ բաղկացած է 12 մասէ։ Արեւելեան մասը սեւ քարէ է եւ 14-րդ դարու աւերիչ երկրաշարժէն կանգուն մնացած միակ մասն է։ Իսկ կեդրոնական եւ արեւմտեան հատուածները երկրաշարժէն յետոյ կառուցապատուած են սպիտակ քարերով։ Վանքի առաստաղը եւ ներսի պատերը պարզունակ են, բայց դուրսի պատերը պատուած են արծիւի եւ կենդանիներու քանդակներով, սրբաքանդակներով ու զարդաքանդակներով։ Զանգակատունը կառուցուած է չորս հսկայ սիւներու վրայ, որոնք միացուած են կամարներով։ Ս. Թադէի վանքը պատմական մեծ նշանակութիւն ունէր, մանաւանդ 1918-ի Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ: Թադէի վանքը հայ յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին նշանաւոր կեդրոն մը եղած էր։ Վանքը թալանուած է աւազակախումբերու կողմէ:

2008 թ. գրանցուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մեջ Ս.Ստեփանոս եւ Ձորձոր վանքերուն հետ միասին, «Հայկական եկեղեցիները Իրանում» անուան տակ։

Սուրբ Թադէի վանքի քանդակները կը բաժնուին հետեւեալ գօտիներուն։

Առաջին գօտին, որ համահաւասար բարձրութեամբ կը ներառէ ե՛ւ զանգակատան, ե՛ւ եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը կը ներառուի հայկական արքայական զինանշաններ, բուսական քանդակային ներդիրներ, Սուրբ զինուորներու եւ հոգեւորականներու քանդակներ։

Երկրորդ գօտին երկշարք որթագալարն է։ Վերինը կը ներկայացնէ սիւժեդային տեսարաններ, իսկ ստորինը՝ բուսական զարդաքանդակներ։

Երրորդ գօտին կը ներկայացնէ սուրբերու, առաքեալներու եւ թագաւորներու քանդակներ։ Ընդ որում այս գօտիաշարերէն իւրաքանչիւրը, ի տարբերութիւն Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, ունի յստակ տարանջատում։ Անիկա եզրագծուած է բարձր ռելիեֆ ունեցող շրջանակով։ Գօտիներու թուաքանակի ճշդման կը խանգարէ անաւարտ զանգակատունը։ Անիկա արգիլած է աւարտել ժամանակի կաթողիկոսը, որպէսզի չգերազանցէ Էջմիածնի զանգակատան։ Միայն առաջին գօտին իր շարունակութիւնը գտած է զանգակատան յարդարանքին մէջ։ Յարդարանքի ստորին բաժնին մէջ առիւծներու եւ բուսական պանոներու առկայութիւնը կը վերաբերի միայն զանգակատան, իսկ եկեղեցին այդ բաժնին մէջ զուրկ է որեւէ զարդաքանդակէ։ Եկեղեցւոյ առաջին զարդագօտին ամէնաերկարն է, քանի որ անիկա կ'ընդգրկէ նաեւ զանգակատունը։ Այնտեղ քանդակները տրուած են առանձին-առանձին՝ իւրաքանչիւրն իր շրջանակով։ Եթէ զանգակատան պարագային կը գործէ խարիսխաւոր սիւնի վրայ յենող կամարի սկզբունքը, ապա բուն եկեղեցւոյ շրջանակները հեռանկարային սրածայր կամարներ են։ Արուեստաբանութեան մեջ կայ տարակարծութիւն Սուրբ Թադէի քանդակներու ազդեցութեան մասին։ Միեւնոյն ժամանակ պէտք է նշել, որ հեղինակներն ամբողջութեամբ եւ հիմնովին չեն ուսումնասիրած այս յուշարձանը։ Սուրբ Թադէի արտաքին յարդարանքը ուսումնասիրողները կը նկատեն ուշ միջնադարեան պարսկական արուեստի ազդեցութիւն եւ իր ճոխութեամբ՝ այստեղ առկայ է նաեւ պարոքքի երանգ։ Ըստ մէկ այլ տեսակէտի, Սուրբ Թադէն ամենայն հաւանականութեամբ կառուցուած է հեթանոսական տաճարի վրայ, ինչ որ առհասարակ յատուկ էր քրիստոնէութեան եւ հետեւաբար կը կրէ վերջինիս ոճական ազդեցութիւնը, սակայն ուսումնասիրողներու մեծամասնութիւնը յանգած է այն մտքին, թէ Սուրբ Թադէի յարդարանքի սկզբունքը առաջին հերթին կը կապուի Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հետ։ Այս տեսակէտի կողմնակիցներն են Վ. Յարութիւնեանը, Ա. Հախնազարեանը, Ա. Զարեանը։ Մեր կարծիքով, ի հարկէ, ուշ միջնադարեան հայկական արուեստն անդրադարձ էր առաջին հերթին վաղ միջնադարեան օրինակներուն եւ Աղթամարի Սուրբ Խաչին։ Իսկ Սէֆեաններու շրջանի արուեստի ազդեցութիւնը պէտք չէ տեղայնացնել զուտ հայկական յուշարձաններուն մէջ։ Կարելի է ըսել, որ այդ ժամանակի թելադրանքն էր։ Սուրբ Թադէ եկեղեցին նշանակալի է իր զարդագօտիի քանդակներով, որոնք բազմաթիւ են եւ ուսումնասիրուած չեն։ Յատկապէս աչքի կ'իյնան արեւի սկաւառակը ներկայացնող պատկերաքանդակը։ Արեւի պատկերաքանդակը ամէնալավ պահպանուած օրինակներէն է։ Կլոր սկաւառակէն կը բխին 36 ճառագայթներ, որոնք չորս կէտի մէջ կը միանան ծաղիկներուն։ Այս յօրինածքի արտայայտչականութիւնը պայմանաւորուած է ինչպէս կեդրոնական մասի տեղադրութեամբ, այնպէս ալ քանդակագործի կողմէ դիմագիծերու յստակ արտայայտութեամբ։ Արեւի՝ փոսիկաւոր բիբերով նշաձեւ աչքերը, խոշոր քիթը եւ շրթունքները կ'ամբողջացնեն կերպարը։ Ընդ որում զարդագօտիի քանդակներու դասաւորութիւնը ամբողջովին կը տարբերէ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիէն, որ կը հանդիսանայ այս եկեղեցւոյ նախատիպը։ Վերջինիս մէջ ոչ մէկ ճակատ չի կրկներ միւսը, աչքի կ'իյնայ պատկերաքանդակներու բազմազանութեամբ, սակայն Սուրբ Թադէի մէջ կան առանձին յօրինուածքներ, որոնց չենք հանդիպիր Աղթամարի մէջ եւ դուրս են անոր խորհրդաբանութենէն։ Ճերմակ եկեղեցւոյ արեւի սկաւառակը այդ օրինակներէն մէկն է։ Արեւէն աջ եւ ձախ պատկերուած է թէ ինչպէս վիշապի հեքիաթային կերպարը յօշոտէ կենդանին։

Ս. Թադէի վանքը, վերջերս, հայ ժողովուրդին համար ուխտավայր մը դարձած է, ուր ամէն տարի Յուլիս ամսուն հազարաւոր ուխտաւորներ այցի կ'երթան: 2000 թուին հայոց քրիստոնէութեան ընդունման 1700 ամեակի առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մէծ շքախումբով մը հովանաւորեց ուխտագնացութիւնը եւ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Թադէի վանք:

Ս. Թադէի վանքը, ըստ աւանդութեան, կառուցուած է Թադէոս Առաքեալին նահատակուած վայրին տեղ, ուր կը գտնուի Առաքեալին շիրիմը, եկեղեցւոյ ձախ կողմի խորանին մէջ:

Թադէի վանքին կառուցման թուականը յայտնի չէ. Կը կարծուի, թէ ան կառուցուած է 6-9րդ դարերուն: Վանքը ունի երկու երկնասլաց գմբէթներ, որոնք կը խորհրդանշեն Մեծ ու Փոքր Մասիսները: Եկեղեցւոյ պատերը շինուած են սեւ ու ճերմակ սրատաշ քարերով: Խորանները զարդարուած են գեղեցիկ խաչաքանդակներով, հայ արքայական զինադրօշներով, բարձրաքանդակ նկարներով, առաքեալներու, սուրբերու եւ թագաւորներու պատկերներով: Ս. Թադէի վանքը շրջապատուած է քարաշէն շէնքերով եւ բարձր պարիսպներով:

  • Հայ Աշակերտին Դասացուցակը, 1700 Ամեակ, Տպագրութիւն՝ Համազգային Վահէ Սէթեան Տպարան
  1. (հայերեն) Սուրբ Թադևոսի վանք, 2024-11-10, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8D%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A2_%D4%B9%D5%A1%D5%A4%D6%87%D5%B8%D5%BD%D5%AB_%D5%BE%D5%A1%D5%B6%D6%84&oldid=10143703, վերցված է 2025-06-12