Ս. Գէորգ Եկեղեցի (Հաճըն)
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ս. Գէորգ Զօրավարին անունը կրող Ս․ Գէորգ Եկեղեցին իր գործունէութեան սկսած է 1922-ին՝ վրանածածկ վիճակի մէջ։ Սարգիս Պաքալեանի եւ ժողովրդային նուիրատուութիւններով ապահովուեցաւ եկեղեցւոյ հողատարածքը եւ սկսան շինարարական աշխատանքները։
1930-ին տեղի ունեցաւ նորակառոյց տախտակաշէն եկեղեցւոյ օծումը։ Հետագային, 1938-ին կառուցուեցաւ եկեղեցւոյ քարաշէն տարբերակը, Տէր Սահակ Խապայեան Կաթողիկիոսի եւ Տէր Եղիշէ Արք․ Կարոյեանի առաջնորդութեան օրով։
1964-ին Տ․ Գնէլ Արք․ Ճերեճեանի ջանքերով ամբողջովին վերանորոգուեցաւ եկեղեցին։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն են՝
Տ․ Ռուբէն Ա․ Քհնյ․ Սահակեան Տ․ Զաւէն Քհնյ․ Հովիւեան Տ․ Նարեկ Ա. Քհնյ․ Հեճինեան (Այժմու Հոգեւոր հովիւ)։ Ս․ Գէորգ Եկեղեցւոյ այժմու Թաղական խորհուրդի անդամներն են՝ Հայկ Օղլուգեան (ատենապետ), Աւագ Պարախեան, Վարդան Երեմեան, Յակոբ Կէօտէլէքեան, Յարութիւն Գույումճեան, Խաչիկ Շահինեան, Վաչէ Պարախեան, Յարութիւն Շիշմանեան եւ Անդրանիկ Չավուշեան։