Jump to content

Սրսկումով լիփոլայզիս

Սրսկումով լիփոլայզիսը մեթոտ մըն է, որուն միջոցաւ կրնանք ձեւաւորել մարմնի շրջագիծը: Այն կը կիրարկուի ճարպային կուտակումներու պարագային, երբ որեւէ սննդականոնի եւ կամ մարզանքի հետեւելով, կարելի չ'ըլլար չէզոքացնել զանոնք:

Սրսկումով լիփոլայզիսը կրնայ անհետացնել ճարպային բարորակ ուռուցքը եւ նոյն միջոցով կարելի է յաջող արդիւնքներու հասնիլ սելիւլիթը բուժելու համար: Սակայն այս մեթոտը չի փոխարիներ վիրաբուժական ճարպային հեռացման մեթոտը (Liposuction), եւ հետեւաբար հիւանդին վրայ կարելի չէ նկատել զգալի կշիռքի նուազում:

Ի՞նչ է սրսկումով լիփոլայզիսը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն գործողութիւնն է,որ աստիճանաբար կը քայքայէ ճարպերը, որոնք տեղակայուած են ճարպային բջիջներուն մէջ: Սոյն գործողութիւնը կը կատարուի սրսկելով յատուկ հեղուկ մը, որ կը պարունակէ նաեւ բնական հիւթեր, մէջբերուած սոյի (soy) կորիզներէն՝ phosphatidylcholine PPC: Այս հեղուկը ազդեցութիւն կը գործէ գլխաւորաբար նիւթափոխանակման metabolism աշխատանքին վրայ:

Լիփոսաքշընի հակառակ, այս մեթոտը չի կիրարկուիր, երբ հիւանդը պէտք ունի մեծ քանակութեամբ ճարպերը հեռացնելու իր մարմնէն: Սրսկման միջոցին հիւանդը կարիքը չունի ընդհանուր զգայազրկման, էլասթիք կապաններու, հիւանդանոցային դրութեան եւ աշխատանքէն հեռանալու...:

Լիփոլայզիսի պարագային մարմնին ո՞ր մասերը կարելի է բուժել սրսկումով.

  • Կզակատակ
  • Այտեր
  • Վիզ
  • Ներքին եւ արտաքին ազդրի բաժիններ
  • Յետոյք
  • Թեւեր
  • Վարին եւ յետին որովայն

Սրսկումով լիփոլայզիսը շատ լաւ արդիւնքներ կու տայ սելիւլիթի պարագային: Այս մէկը կ'իրականանայ դարմանատան մէջ՝ պատրաստուած յատուկ ծրագրի մը հիման վրայ: Այս մէկը համակեցութիւն մըն է սրսկումով լիփոլայզիսի եւ չներարկուած մէզոթերափիի միջեւ, որ այս միջոցովով կը ցուցաբերէ բացառիկ յաջողութիւն:

  • «Զգոյշ» Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ Բ. Տարի, թիւ 1(5), 2016 էջ՝ 5