Jump to content

Սպիտակաւոր Եկեղեցի (Աշտարակ)

Սպիտակաւոր Եկեղեցի

Սպիտակաւոր եկեղեցին, կը գտնուի ՀՀ Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ։ Կառուցուած է V-VI դդ, վերակառուցուած է՝ XIII -XIV դարերուն։ Միանաւ է, քառանկիւն եւ կամարաձեւ ծածկով։ Ներկայիս Սպիտակաւոր եկեղեցին անհատոյց, անժամկետ օգտագործման իրաւունքով տրամադրուած է Հայ Առաքելական եկեղեցիին։ Նախատեսուած է, որ ան ամբողջութեամբ կը վերականգնուի մինչեւ 2015-ի Սեպտեմբերը։

Անուան ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ աւանդութեան, Աշտարակի մէջ ապրող երեք քոյրեր կը սիրահարուին Սարգիս անունով երիտասարդի մը։ Աւագ երկու քոյրերը կ՝ որոշեն իրենց զոհաբերել՝ կրտսերին երջանկութիւն պարգեւելու համար եւ ծիրանագոյն ու կարմիր զգեստ հագնելով իրենց կը նետեն անդնդախոր ձորը։ Այս լուրը իմանալով, փոքր քոյրը սպիտակ զգեստ հագնելով, նոյնպէս իրեն ձորը կը նետէ, իսկ Սարգիսը այս վիշտէն կը դառնայ ճգնաւոր։ Հետագային ձորի եզրին երեք եկեղեցիներ կը յայտնուին՝ Կարմրաւորը, Ծիրանաւորը եւ Սպիտակաւորը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]