«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Կը խմբագրեմ|Ալիսիա}} {{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Գիրք (արեւմտահայերէն) | անուանում = Harry Potter and The Philosopher's Stone |...»:
 
No edit summary
Տող 43. Տող 43.


== Նկարագրութիւն<ref>http://zangak.am/product_info.php?products_id=1289&language=am</ref> ==
== Նկարագրութիւն<ref>http://zangak.am/product_info.php?products_id=1289&language=am</ref> ==
Ծնողները կորսնցնելէ ետք Հէրի Փոթըրը կ'ապրի իր մօրաքրոջ ու իր ընտանիքին՝ Վերնոնին ու իրենց զաւակին Տատլիին հետ, որոնք վատ ձեւով կը վարուէին Հէրիին հետ ու գաղտնի կը պահէին Հէրիին կախարդական կարողութիւնները ու անոր ծնողներու մահուան պատճառը:
Ծնողները կորսնցնելէ ետք Հէրի Փոթըրը կ'ապրի իր մօրաքրոջ ու իր ընտանիքին՝ Վերնոնին ու իրենց զաւակին Տատլիին հետ, որոնք վատ ձեւով կը վարուէին Հէրիին հետ ու գաղտնի կը պահէին իր կախարդական կարողութիւնները ու անոր ծնողներու մահուան պատճառը: Սակայն երբ Հէրին կ'ամբողջացնէ իր 11 տարեկանը, ան կը ստանայ նամակներ դպրոցէ մը, որ անունն է Hogwarts: Վերնոնը անոր կ'արգիլէ այդ նամակները կարդայ որովհետեւ մօրաքոյրը՝ Փեթունիան, Վերնոնը եւ Տատլին կը սարսափէին Հէրիէն ու իր կախարդական կարողոթիւններէն: Երբ Հէրին ու իր մօրաքրոջ ընտանիքը հեռացածէին տունէն չափազանց նամակներու ներխուժումին պատճառով, անոնց կը հետեւի Հակրիտ անունով հսկայ անձ մը ու դուռը կոտրելով ներս կը մտնէ ու Հէրիին տարեդարձը շնորհաւորելով, անոր կը բացատրէ թէ ան կախարդ է ու պէտք է յաճախէ կախարդական դպրոց՝ Hogwarts-ը: Հոն Հէրիին կը սպասէր նոր փորձառութիւններով եւ արկածներով լեցուն կեանք մը:

== Նիւթը ==
Voldemort-ը որ ամէնէն զօրաւոր գէշ կախարդն է կախարդական աշխարհին մէջ, կ'անհետանայ իր Հէրիին սպաննելու փորձարութիւնէն ետք: Ան մահացու անեծք մը կ'արձակէ անոր վրայ ու Հէրին կ'ըլլայ միակ կախարդը որ ազատած է այս անեծքը, բայց այդ վէրքի նշան մը կը ձգէ անոր ճակատին վրայ որ կը նմանի ճառագայթի մը: Կախարդական բոլոր աշխարհը գիտէր Հէրիին անունը ու կ'ըսէին թէ ան միակ կախարդն է որ կրցած է յաղթել Voldemort-ին եւ փրկել կախարդական աշխարհը: Հէրիին ծնողներուն՝ Ճէյմզ եւ Լիլի Փոթըրներուն մահէն ետք, Hogwarts-ի տնօրէն՝ Dumbledore-ը, փոխ տնօրէնուհի՝ Միրվենա Մաքկոնակալը եւ Hogwarts-ի հսկող՝ Հակրիտը, 1 տարեկան Հէրիին կը հասցնեն իրեն մօրաքրոջ տան դռան առջեւ, ծանուցագիրով մը որ կ'ըսէ թէ Հէրին կը պատկանի իրենց հովանաւորութեան տակ: Տըրզլիները (Հէրիին մօրաքրոջ ընտանիքը) կախարդներ չէին եւ կը սարսափէին Հէրիէն իր կախարդական կարողութեան համար: Անոնք Հէրիին կ'ուտային ամէնէն վատ սենեակը տան մէջ, որ կը գտնուէր սանդուխներու տակ, չարաչար կ'օգտագործէին ու փոքր տարեկան Հէրիին կ'ուտային տան հոգնեցուցիչ գործերը եւ երբ սխալ բան մը ընէր, ան կը զրկուէր օրուայ ճաշէն: Բայց Վերնոն ու Փեթունիա, իրենց զաւակին՝ Տատլիին հետ կը վարուէին մեծ սիրով, հակառակ անոր գէշ սովորութիւններուն: Անոր կը շփացնէին մեծ նուէրներով ու նոր հագուստներով, բայց Հէրիին կ'ուտային Տատլիին հին, խեղճ ու ցնցոտաւոր հագուստները: իր առաջին 10 տարիները երբ Հէրին կ'ապրի Տըրսլիներու տան մէջ, ան ոչ մէկ բան գիտէ իր անձնաւորութեան մասին որպէս կախարդ, եւ կը հաւատայ Տըրսլիներուն որ կ'ըսէին թէ Հէրիին ծնողները մահացած են ինքնաշարժի արկածի մը: Սակայն, Հէրին կը նկատէր թէ իր հետ կը պատահէին տարօրինակ դէպքեր: Օր մը, Տատլիին տարեդարձին, անոնք բոլորը կ'երթան կենդանաբնական պարտէզ ու Հէրին հոն կը տեսնէ բանտարկուած օձ մը: Անոր կը մօտենայ ու կը նկատէ թէ օձը հետը կը խօսի, ըսելով թէ ան կարօտ է իր ընտանիքին: Հէրին հասկնալով անոր ցաւը կ'ուզէ անոր ազատել, սակայն առանց իր գիտակցութեան, այդ ապակին որ կը բանտարկէր օձը կ'անհետանայ ու օձը շնորհակալութիւն յայտնելով Հէրիին կը փախչի: Վերնոն կը նկատէ պատահածը, ու Հէրիին ամէն անգամուայ պէս կը բանտարկէ իր սենեակը ու կ'արգիլէ ուտելիքէն, եւ Հէրին չգիտնար իր կարողութեան մասին:

Հէրիին կեանքը կ'ընթանայ այսպէս չարչարանքներով, մինչեւ Հէրիին 11 տարեկանը: Անոր 11-րդ տարեդարձէն մի քանի օր առաջ, Տատլիներու տան կը հասնին նամակներ ուղղարկուած Հէրի Փոթըրին, Hogwarts անունով դպրոցէ մը: Վերնոն կը պահէ այս նամակները, եւ այս պատճառով նամակներուն թիւը կը բարձրանայ մինչեւ որ անոնք կ'ընկղմեն բոլոր տունը: Վերնոն կ'որոշէ մի քանի օր անցնել տունէն հեռու եւ անոնք կ'երթան անյայտ վայր մը: Սակայն, երբ կէս-գիշեր կ'ըլլայ, հսկայ անձ մը Հակրիտ անունով, դուռը կը կոտրէ ու ներս կը մտնէ շնորհաւորելով Հէրիին տարեդարձը: Ետքը, Հակրիտը Հէրիին կը բացատրէ անոր կախարդական կարողութիւններուն մասին, ու երկուքը միասին կ'ուղղուին դէպի [[Լոնտոն]] որպէսզի գնեն Հէրիին կախարդական փայտիկը, դպրոցական տարազը եւ բու մը Հետուիկ անունով: Անոնք նաեւ կը հանդիպին կախարդական պանքը՝ Կրինկոթ ու Հակրիտը Հէրիին ցոյց կ'ուտայ իր ծնողքին ձգած մեծ գումարը իրեն համար: Հակրիտը նաեւ կը հանդիպի ուրիշ նկուղի մը պանքին մէջ, ու կ'առնէ գաղտնի կախարդական իր մը:

[[1 Սեպտեմբեր]], [[1991]] թուականին, Հակրիտը Հէրիին կը հասցնէ Լոնտոն, ու կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք է երթայ 9¾ կայարանը: Հէրին հոն հասնելով, միայն կը տեսնէ 9 եւ 10 կայարանները: Շուարած, ան կը նկատէ կարմրագլուխ ընտանիք մը որ կը նմանին կախարդներու: Անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու Մոլլի Ուիզլին անոր կը բացատրէ թէ ան պէտք է վազէ ու անցնի պատին մէջէն որպէսզի հասնի 9¾ կայարանը: Այսպէս ընելով, ան կը յաջողի:


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

18:30, 6 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Գիրք (արեւմտահայերէն)

Harry Potter and The Philosopher's Stone-ը Հէրի Փոթըր վիպաշարի առաջին վէպն է, գրուած Ճոան Ռոուլինկի կողմէ: Վէպը կը պատմէ թէ Հէրին ինչպէս կը գիտնայ որ ան կախարդ է ու պէտք է յաճախէ Hogwarts դպրոցը կախարդներու համար: Ան կը հանդիպի ու կը ծանօթանայ մաս մը աշակերտներու որոնց հետ կը դառնայ մօտիկ ընկերներ, եւ ուրիշներու՝ որոնց հետ կը ստեղծուի թշնամութիւն: Ան նաեւ կը գիտնայ Voldemort-ին մասին, որ սպաննած է իր ծնողները եւ երբ կը փորձած է Հէրիին սպանել, անյայտ պատճառով չէ կարողացած ու կորսնցուցած է իր կարողութիւնները (այն ժամանակ Հէրին 1 տարէկան էր):

Գիրքը հրատարակուած է տարբեր լեզուներով եւ գիրքին հիման վրայ ստեղծուած է անոր ֆիլմը: Գիրքի Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1 Յունիս, 2016 թուականին, «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէն ու թարգմանիչն է՝ Ալվարտ Ճիւանեան:

Նկարագրութիւն[1]

Ծնողները կորսնցնելէ ետք Հէրի Փոթըրը կ'ապրի իր մօրաքրոջ ու իր ընտանիքին՝ Վերնոնին ու իրենց զաւակին Տատլիին հետ, որոնք վատ ձեւով կը վարուէին Հէրիին հետ ու գաղտնի կը պահէին իր կախարդական կարողութիւնները ու անոր ծնողներու մահուան պատճառը: Սակայն երբ Հէրին կ'ամբողջացնէ իր 11 տարեկանը, ան կը ստանայ նամակներ դպրոցէ մը, որ անունն է Hogwarts: Վերնոնը անոր կ'արգիլէ այդ նամակները կարդայ որովհետեւ մօրաքոյրը՝ Փեթունիան, Վերնոնը եւ Տատլին կը սարսափէին Հէրիէն ու իր կախարդական կարողոթիւններէն: Երբ Հէրին ու իր մօրաքրոջ ընտանիքը հեռացածէին տունէն չափազանց նամակներու ներխուժումին պատճառով, անոնց կը հետեւի Հակրիտ անունով հսկայ անձ մը ու դուռը կոտրելով ներս կը մտնէ ու Հէրիին տարեդարձը շնորհաւորելով, անոր կը բացատրէ թէ ան կախարդ է ու պէտք է յաճախէ կախարդական դպրոց՝ Hogwarts-ը: Հոն Հէրիին կը սպասէր նոր փորձառութիւններով եւ արկածներով լեցուն կեանք մը:

Նիւթը

Voldemort-ը որ ամէնէն զօրաւոր գէշ կախարդն է կախարդական աշխարհին մէջ, կ'անհետանայ իր Հէրիին սպաննելու փորձարութիւնէն ետք: Ան մահացու անեծք մը կ'արձակէ անոր վրայ ու Հէրին կ'ըլլայ միակ կախարդը որ ազատած է այս անեծքը, բայց այդ վէրքի նշան մը կը ձգէ անոր ճակատին վրայ որ կը նմանի ճառագայթի մը: Կախարդական բոլոր աշխարհը գիտէր Հէրիին անունը ու կ'ըսէին թէ ան միակ կախարդն է որ կրցած է յաղթել Voldemort-ին եւ փրկել կախարդական աշխարհը: Հէրիին ծնողներուն՝ Ճէյմզ եւ Լիլի Փոթըրներուն մահէն ետք, Hogwarts-ի տնօրէն՝ Dumbledore-ը, փոխ տնօրէնուհի՝ Միրվենա Մաքկոնակալը եւ Hogwarts-ի հսկող՝ Հակրիտը, 1 տարեկան Հէրիին կը հասցնեն իրեն մօրաքրոջ տան դռան առջեւ, ծանուցագիրով մը որ կ'ըսէ թէ Հէրին կը պատկանի իրենց հովանաւորութեան տակ: Տըրզլիները (Հէրիին մօրաքրոջ ընտանիքը) կախարդներ չէին եւ կը սարսափէին Հէրիէն իր կախարդական կարողութեան համար: Անոնք Հէրիին կ'ուտային ամէնէն վատ սենեակը տան մէջ, որ կը գտնուէր սանդուխներու տակ, չարաչար կ'օգտագործէին ու փոքր տարեկան Հէրիին կ'ուտային տան հոգնեցուցիչ գործերը եւ երբ սխալ բան մը ընէր, ան կը զրկուէր օրուայ ճաշէն: Բայց Վերնոն ու Փեթունիա, իրենց զաւակին՝ Տատլիին հետ կը վարուէին մեծ սիրով, հակառակ անոր գէշ սովորութիւններուն: Անոր կը շփացնէին մեծ նուէրներով ու նոր հագուստներով, բայց Հէրիին կ'ուտային Տատլիին հին, խեղճ ու ցնցոտաւոր հագուստները: իր առաջին 10 տարիները երբ Հէրին կ'ապրի Տըրսլիներու տան մէջ, ան ոչ մէկ բան գիտէ իր անձնաւորութեան մասին որպէս կախարդ, եւ կը հաւատայ Տըրսլիներուն որ կ'ըսէին թէ Հէրիին ծնողները մահացած են ինքնաշարժի արկածի մը: Սակայն, Հէրին կը նկատէր թէ իր հետ կը պատահէին տարօրինակ դէպքեր: Օր մը, Տատլիին տարեդարձին, անոնք բոլորը կ'երթան կենդանաբնական պարտէզ ու Հէրին հոն կը տեսնէ բանտարկուած օձ մը: Անոր կը մօտենայ ու կը նկատէ թէ օձը հետը կը խօսի, ըսելով թէ ան կարօտ է իր ընտանիքին: Հէրին հասկնալով անոր ցաւը կ'ուզէ անոր ազատել, սակայն առանց իր գիտակցութեան, այդ ապակին որ կը բանտարկէր օձը կ'անհետանայ ու օձը շնորհակալութիւն յայտնելով Հէրիին կը փախչի: Վերնոն կը նկատէ պատահածը, ու Հէրիին ամէն անգամուայ պէս կը բանտարկէ իր սենեակը ու կ'արգիլէ ուտելիքէն, եւ Հէրին չգիտնար իր կարողութեան մասին:

Հէրիին կեանքը կ'ընթանայ այսպէս չարչարանքներով, մինչեւ Հէրիին 11 տարեկանը: Անոր 11-րդ տարեդարձէն մի քանի օր առաջ, Տատլիներու տան կը հասնին նամակներ ուղղարկուած Հէրի Փոթըրին, Hogwarts անունով դպրոցէ մը: Վերնոն կը պահէ այս նամակները, եւ այս պատճառով նամակներուն թիւը կը բարձրանայ մինչեւ որ անոնք կ'ընկղմեն բոլոր տունը: Վերնոն կ'որոշէ մի քանի օր անցնել տունէն հեռու եւ անոնք կ'երթան անյայտ վայր մը: Սակայն, երբ կէս-գիշեր կ'ըլլայ, հսկայ անձ մը Հակրիտ անունով, դուռը կը կոտրէ ու ներս կը մտնէ շնորհաւորելով Հէրիին տարեդարձը: Ետքը, Հակրիտը Հէրիին կը բացատրէ անոր կախարդական կարողութիւններուն մասին, ու երկուքը միասին կ'ուղղուին դէպի Լոնտոն որպէսզի գնեն Հէրիին կախարդական փայտիկը, դպրոցական տարազը եւ բու մը Հետուիկ անունով: Անոնք նաեւ կը հանդիպին կախարդական պանքը՝ Կրինկոթ ու Հակրիտը Հէրիին ցոյց կ'ուտայ իր ծնողքին ձգած մեծ գումարը իրեն համար: Հակրիտը նաեւ կը հանդիպի ուրիշ նկուղի մը պանքին մէջ, ու կ'առնէ գաղտնի կախարդական իր մը:

1 Սեպտեմբեր, 1991 թուականին, Հակրիտը Հէրիին կը հասցնէ Լոնտոն, ու կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք է երթայ 9¾ կայարանը: Հէրին հոն հասնելով, միայն կը տեսնէ 9 եւ 10 կայարանները: Շուարած, ան կը նկատէ կարմրագլուխ ընտանիք մը որ կը նմանին կախարդներու: Անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու Մոլլի Ուիզլին անոր կը բացատրէ թէ ան պէտք է վազէ ու անցնի պատին մէջէն որպէսզի հասնի 9¾ կայարանը: Այսպէս ընելով, ան կը յաջողի:

Ծանօթագրութիւններ